Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը Կը Շարունակէ Ինքզինք Պարտադրել
Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը մնայ տիրական: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս իմաստով ինք բանագնացի դերակատարութիւն չէ որ կը կատարէ` աւելցնելով, որ իր աշխատանքը դիւանագիտական է: «Մենք կը քաջալերենք անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը` շարունակելու միջնորդի իր դերակատարութիւնը, այդ պատճառով ալ զայն հրաւիրեցինք Լիբանան,...




















