ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 360 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
Նոյն նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ կապիկի ծաղիկով վարակուած առաջին պարագան արձանագրուած է` աւելցնելով նաեւ, որ այդ պարագան դուրսէն եկած է Լիբանան եւ անոր առողջական վիճակը կայուն է:
Նման պարագաներու կասկածի պարագային առողջապահութեան նախարարութիւնը 1787 թէժ գիծը զետեղեց քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.500 լ. ոսկի է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիման` ընկերակցութեամբ Միջազգային դրամական ֆոնտի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատու Նաժլա Նախլէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամական ֆոնտէն Լիբանան ստացած գումակային օժանդակութիւնն ու Լիբանանի տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ հաստատեց, որ աշխատաւորներուն վճարուելիք փոխադրածախսը օրական դրութեամբ 95 հազար լ. ոսկի է:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ մշակութային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Հասան Մըրատի: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ փրկելու կրթական տարեշրջանը: Մըրատ հաստատեց, որ յանձնախումբը պիտի ջանայ մշակել շտապ ծրագիր մը` փրկելու համար կրթական մարզը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ պլոքը պիտի առաջադրէ այն թեկնածուին անունը, զոր յարմար կը գտնէ ներկայ փուլին վարչապետութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքուպօ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան հասնող մեծ թիւով զբօսաշրջիկները կը նպաստեն երկրին տնտեսական կացութեան ամրապնդումին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ հարց տուաւ Հասան Մըրհիի եւ Հիւսէյն Օնէյսիի դէմ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը գործադրելու իմաստով կառավարութեան որդեգրած միջոցառումներուն մասին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ ծովային սահմանագծումին իմաստով Լիբանանի վրայ բանեցուած ամերիկեան ճնշումները ուղղակիօրէն առնչուած են Իսրայէլի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բնականոնացման, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման: Հաժ Հասան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ազատագրէ Լիբանանի պատկանող նաւթի ու բնական կազի հարստութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի երէկ Տար Ֆաթուա կատարած իր այցելութենէն ետք հաստատեց, որ վարչապետի նշանակման առումով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յանձնառու կը մնայ իր անաչառութեան եւ բոլոր թեկնածուներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը մնայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Խէյր յայտնեց, որ «Հիւսիսային հանդիպում» երեսփոխանական պլոքի անդամները յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն վարչապետի նշանակման չափանիշներուն իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով հաստատեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանին` տարբեր մարզերու մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռամի Ֆանժ յայտնեց, որ բարեկարգչական երեսփոխանները վարչապետի իրենց թեկնածուն պիտի յայտարարեն մօտիկ ապագային` աւելցնելով, որ իրենց վարչապետի թեկնածուն կրնայ ըլլալ Նաուաֆ Սալամը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնողը պէտք է իբրեւ թեկնածու իր ազդեցութիւնն ու կշիռը ունենայ:
ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ վարչապետի իր թեկնածուն Նաուաֆ Սալամն է: Նշենք, որ բարեկարգչական երեսփոխաններ Մարք Տաու եւ Նաժաթ Աուն Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան անդամներ են: Իսկ բարեկարգչական երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ հաստատեց, որ այս որոշումը միայն Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան որոշումն է եւ ոչ թէ բոլոր բարեկարգչական երեսփոխաններուն:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ նուազագոյն աշխատավարձը 2 միլիոն 6 հարիւր հազար դարձնելէ ետք, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկէն (Տաման) ստացուելիք հատուցման գումարներուն փոխարժէքը համապատասխանէ ամերիկեան տոլարի 12.000 լ. ոսկիի փոխարժէքին: Ասմար շեշտեց, որ ինք գոհունակ չէ նոր նուազագոյն աշխատավարձի ճշդումով, որովհետեւ իր կարծիքով` նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է հասնի 10 միլիոն լ. ոսկիի:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը յետաձգած է ցասումի եւ գործադուլի արտակարգ օրը, որ նախապէս յայտարարուած էր հինգշաբթի, 23 յունիս 2022-ին` նկատի ունենալով, որ անիկա կը զուգադիպի վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական քննութիւններուն: