Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 447 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.400 լ. ոսկի է:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական «հարստութեան» մասին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած յայտագիրին տեղեկութիւնները: Նշենք, որ «Էմ. Թի. Վի.»-ի պատրաստած տեսագրութեան մէջ նշուած էր, թէ նախագահ Աունի հարստութիւնը մէկ միլիառ երկու հարիւր միլիոն տոլարի կը հասնի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ փրկութեան ծրագիրներ կը մշակէ, նոյնիսկ եթէ անոնք դժուար գործադրելի ծրագիրներ են, «բայց եւ այնպէս այդ ծրագիրները պէտք է ըլլան յստակ, իսկ անոնց արդիւնքները` թափանցիկ», նշեց ան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու ազգային համախմբուած կառավարութիւն մը, որուն ընդգրկած նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին սեփականութիւնը չըլլան: Ան կոչ ուղղեց նաեւ, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը Լիբանանին կայունութիւն ապահովէ, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարէ` Լիբանանը զերծ կացուցելով շրջանային որեւէ վտանգէ:

«Թող նոր կազմուելիք կառավարութիւնը հզօր կերպով պայքարի փտածութեան եւ օրինազանցութեան դէմ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր յայտարարութեամբ կոչ ուղղած է կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը, որ 31 հոկտեմբերին կը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահութեան իրաւասութիւնները` նախագահական աթոռի թափուր մնալով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաջին անգամ ըլլալով արծարծեց Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինցի գաղթականներուն տեղափոխումին հարցը` դէպի յաւելեալ կարողութիւններ ունեցող երկիրներ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի երէկուան իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի շտեմարանին քանդումը համազօր է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումին պատճառած փոսը փակելուն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ապրած ցաւալի իրականութիւնը կը պահանջէ ունենալ կառավարութիւն մը, որուն առաջնահերթութիւններն են բարեկարգչական ծրագիրները:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ բարեկարգչական երեսփոխանները վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն իբրեւ մէկ պլոք պիտի չմասնակցին: Ան մերժեց բացայայտել իր վարչապետի թեկնածուին ինքնութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ համախմբումը տակաւին ժողով չէ գումարած` քննելու համար վարչապետի նշանակման գծով Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան զօրակցութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Քարամ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ուշացուցած է վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները` առիթ տալու համար, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ բանակցութիւններ կատարէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ կուսակցութիւնը ոչ ոքի հետ կապի մէջ է` կառավարութեան կազմութեան իմաստով: Հաղորդագրութիւնը հերքեց բոլոր այն լուրերը, որոնք կը վերաբերին Ազգային ազատ հոսանքին վերագրուող նախապայմաններուն: «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի արագօրէն կազմել կառավարութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, որ կառավարութեան մաս կազմելու մասին ոչ ոքի հետ խորհրդակցած է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ վարչապետի նշանակման առումով Հըզպալլայի կեցուածքը կարելի է իմանալ հինգշաբթի օր: Ան պահանջեց պատասխանատուներէն բացայայտել այն պատճառները, որոնք արգելակեցին ելեկտրականութեան ծրագիրին գործադրութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ արգելափակուած Պատրի Տահեր, Շաֆիք Մըրհի եւ անոնց ընկերակիցները անարդար կերպով արգելափակուած են:

ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմել համախմբումի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ պենզինի սակը տոլարի վերածելը հսկայական հարցեր կրնայ ստեղծել Լիբանանի մէջ:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս կան հինգ դրամատուներ, որոնք սկսած են վարկեր տրամադրել` արեւային ջերմուժով ելեկտրականութիւն արտադրող սարքերու գնման համար:

 

Նախորդը

Համապարփակ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Համապարփակ Կործանում

Յաջորդը

Նասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ծոցի Երկիրներու Զբօսաշրջիկներուն Այցելելու Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.