Մինչ բանակը այսօր ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 77-ամեակը, երէկ կէսօրին Լիբանան հասաւ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Փարիզ, Պրիւքսել եւ Աթէնք կատարած իր այցելութիւններէն ետք Հոքշթայն պիտի ուղղուի Պէյրութ` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց ծովային սահմանագծումի իմաստով լուծման մը յանգելու կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ լուծումը կարելի է իրականացնել միայն բանակցութիւններու եւ դիւանագիտական միջոցներու ընդմէջէն:
Էյմըս Հոքշթայն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնացը լիբանանցի պատասխանատուներուն նոր առաջարկ մը ունի ներկայացնելիք` աւելցնելով, որ այդ առաջարկը դրական է:
Ֆայեատ հերքեց բոլոր այդ տեղեկութիւնները, որոնք կ՛անդրադառնան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միացեալ հորատումի կարելիութեան:
Անդրադառնալով Եգիպտոսէն ելեկտրականութիւն ներածելու կարելիութեան` Ֆայեատ նշեց, որ Միջազգային դրամատունը հիմնական երկու նախապայման կը պարտադրէ Լիբանանին:
Ան ըսաւ, որ այդ նախապայմաններէն առաջինը ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան սակի բարձրացումն է, իսկ երկրորդը` Ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման խորհուրդի ստեղծումը:
Հոքշթայն եւ Շիա հանդիպում մը ունեցան նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Քննարկուեցաւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:
Երեկոյեան Հոքշթայն այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն զօր. Աունին ներկայացուց սահմանագծումի թղթածրարին վերջին զարգացումները:
Զօր. Աուն իր կարգին վերահաստատեց, որ բանակը յանձնառու կը մնայ գործադրելու քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուելիք որեւէ որոշում:
Բանակի հրամանատարը մաղթեց, որ բանակցութիւնները հասնին սպասուած արդիւնքին` ապահովելով Լիբանանի շահերը:
Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն այսօր շարունակէ իր հանդիպումները լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:
Նախքան Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումը, Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութեան գրասենեակը հրապարակեց կարճ ժապաւէն մը, որուն մէջ ցոյց տուաւ Իսրայէլի կողմէ Քարիշի նաւթահոր բերուած հորատման ու պեղման բոլոր նաւերն ու հարթակները, որոնք կը գտնուին Միջերկրականի ջուրերուն վիճելի շրջանին մէջ:
Շուրջ մէկուկէս վայրկեան տեւողութեամբ այս կարճ ժապաւէնին մէջ Հըզպալլա ցոյց տուաւ 30 յուլիս 2022-ին իր նկարահանած բոլոր նաւերը` ընդգծելով, որ անոնք կրնան թիրախ դառնալ իրեն համար, ինչպէս նաեւ շեշտելով, որ ժամանակին հետ խաղալը օգտակար չէ:
Այս տեսանիւթին մասին Հոքշթայն յայտնեց, որ անիկա բնաւ օգտակար չի կրնար ըլլալ բանակցութիւններուն եւ կրնայ քարացնել իսրայէլեան կեցուածքը, յատկապէս նկատի ունենալով Իսրայէլի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները:
Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատրաստած ժապաւէնը լիբանանեան պետութեան կեցուածքը չի ներկայացներ: Ան նշեց, որ Դիմադրութեան հետ հարց չկայ, սակայն սահմանագծումի որոշումը Լիբանանի կառավարութեան որոշումն է:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ «Պի. Պի. Սի.»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւն մը գոյացնելու առումով: Ան աւելցուց, որ սահմանագծումը իրականացնելու իմաստով առաջին անգամն է, որ այսքան լաւատեսութիւն կը տիրէ:
Պու Հապիպ նշեց, որ Հոքշթայնի կարեւորագոյն հանդիպումները պիտի ըլլան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերը մէկ միացեալ կեցուածք ունին, որն է վերադառնալ Նաքուրայի բանակցութիւններուն:
Նշենք, որ Պու Հապիպ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ, որուն հետ քննարկեց սահմանագծումի հարցը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կիրակի օրուան թիւով հրապարակուեցաւ լուր մը, որ կը հաստատէր, որ Իսրայէլ շատ լուրջ առաջարկ մը ներկայացուցած է սահմանագծումի թղթածրարին իմաստով` աւելցնելով, որ Իսրայէլ լաւատես է, որ Լիբանանի հետ սահմանագծումի բանակցութիւններու դրական փուլ մը պիտի արձանագրուի:
Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի պատասխանատուէ մը, հաղորդեց, որ Հոքշթայն լիբանանեան պետութեան պիտի ներկայացնէ իսրայէլեան նոր առաջարկ մը, որուն հիման վրայ Լիբանանին կ՛արտօնուի իր նաւթահորերը հորատել եւ կազ արտահանել:
Նշենք, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բնական հարստութեան եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բոլոր նաւթահորերուն:
«Մեզի համար կարեւոր է, որ ունենանք այնպիսի երաշխիքներ, որ սահմանագծումը կատարուելէ անմիջապէս ետք պիտի կարենանք հորատել մեր նաւթահորերն ու կազահորերը», շեշտեց Պու Սաապ:
Պու Սաապ իր կարգին լաւատեսութիւն յայտնեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարը իրականացնելու առումով: