Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Կառավարութիւն Մը` Մեղմացնելու Համար Քաղաքացիներուն Բեռը» Շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ

July 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընկերային կացութիւնը, պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն անդամալուծութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային ամէնէն ծանր տագնապն ու օրուան հացը ստանալու համար անոնց հերթերը` փուռերուն դիմաց:

Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը կարելի ըլլայ պահպանել, առանց սադրանքներու գոյատեւել եւ իմաստուն կերպով վարուիլ:

«Կոչ կ՛ուղղենք ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն բեռը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան դիմաց ուղի բանալու», շեշտեց շէյխ Խաթիպ:

Ան ընդգծեց նաեւ լիբանանեան միասնական կեցուածքին կարեւորութիւնը` Լիբանանի բնական հարստութիւններուն վերաբերեալ: «Լիբանան իրաւունք ունի իր հարստութիւնը օգտագործելու: Կը մաղթենք, որ Լիբանան իր իրաւունքը ստանայ եւ թշնամի Իսրայէլը պատերազմ բռնկեցնելու չմղէ տիրող խաղաղութիւնը», հաստատեց ան:

Շէյխ Խաթիպ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը լուծուի, յատկապէս ժողովրդային տագնապը իր լուծման յանգի, որպէսզի լիբանանցիները իրենց կարիքները ստանան ի մասնաւորի բուժման, հացի եւ դեղորայքի իմաստով:

 

 

Նախորդը

Քանաան. «Ելեւմուտքի Նախարարութենէն Պահանջեցինք Վերջին Անգամ Ըլլալով Ստուգել 2022-ի Ամավարկի Թիւերը»

Յաջորդը

4 Օգոստոս 2022-ը` Ազգային Սուգի Օր

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.