Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան կարգ մը դիտողութիւններ եւ բողոքներ ստացած է ալիւր եւ գարի փոխադրող սուրիական նաւուն Թրիփոլիի նաւահանգիստ հասնելուն մասին:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ պատասխանատու կողմեր պէտք եղած քննութիւնները կը կատարեն` աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին չէ կրցած ճշդել նաւուն փոխադրած արտադրութեան աղբիւրը: Ան նկատել տուաւ, որ այս իմաստով աւելի ուշ համապատասխան որոշում պիտի տրուի:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ.
«Արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարարութիւնը ուշադրութեամբ հետեւեցաւ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերատեսչութեան կողմէ 29 յուլիս 2022-ին հրապարակուած հաղորդագրութեան, որուն լոյսին տակ կը հաստատէ ուղղակի, շինիչ եւ հանդարտ երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ ցաւ կը յայտնէ նման հաղորդագրութիւններու հրապարակումին համար, որովհետեւ այս տիպի հաղորդագրութիւնները կը խորացնեն տարակարծութիւններն ու տագնապները, որոնցմէ կը տառապին թէ՛ սուրիացի տեղահանուածները եւ թէ՛ զանոնք հիւրընկալող հասարակութիւնները, այս պարագային` լիբանանեան հասարակութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան ոչ մէկ որոշում տուած է, որուն հիման վրայ սուրիացի տեղահանուածին եւ լիբանանցի քաղաքացիին միջեւ խտրութիւն կը դրուի:
Աշխարհի դիմագրաւած սննդեղէնի տագնապին ազդեցութիւնը կը կրկնապատկուի Լիբանանի պարագային` անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերուն պատճառով: Լիբանան բազմիցս զգուշացուցած էր, որ այս իրականութիւնը անպայման իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եւ լիբանանցիներուն, պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն միջեւ սահմանափակ սննդեղէնի բաժնուելուն մրցակցութեան պիտի յանգի, որովհետեւ տեղահանուածներն ու գաղթականները Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը կը կազմեն, իսկ լիբանանցիներուն 80 առ հարիւրը աղքատութեան մատնուած է:
Տիրող այս իրականութիւնը պատճառ պիտի դառնայ երկրին մէջ մթնոլորտի ելեկտրականացման եւ ապահովական հարցերու, որոնք պիտի խախտեն երկրին կայունութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերատեսչութեան անտեսումը` Սուրիոյ ապահով շրջաններուն մասին Լիբանանի հետ տեղեկութիւններ բաժնեկցելու եւ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձ երաշխաւորելու լիբանանեան պետութեան պահանջին, հիմնական պատճառն է Լիբանանի մէջ ստեղծուած ապահովական խախտումներուն: Իսկ Սուրիոյ տագնապէն 11 տարի ետք տակաւին յստակ կամ հաւանական ոչ մէկ լուծում կ՛երեւի հորիզոնին վրայ»: