Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2312 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.100 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ բանակի թուիթըրեան հաշիւով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց հետեւեալը. «31 յուլիսը կը զուգադիպի բանակի նահատակներու յիշատակի օրուան. այդ առիթով կը յարգենք բոլոր նահատակներուն յիշատակը եւ կը շեշտենք, որ անոնց նահատակութիւնը անբիծ եւ պատուաբեր աւանդ մըն է բանակին հրամանատարութեան համար: Նահատակներուն կը հաստատենք, որ բանակը հաւատարիմ պիտի մնայ անոնց յիշատակին եւ այդ ուղիով պիտի շարունակէ իր երթը, որքան ալ դժուար ըլլան մարտահրաւէրները»:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի միաբանութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Ֆատի Մահֆուզ ընտրուած է միաբանութեան նոր աբբահայր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսլամական նոր տարուան առիթով յայտնեց, թէ պահանջուածը աշխուժ կառավարութեան կազմութիւնն է, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ գործընթացները իրենց թուականին գործադրելը: Տըրիան ընդգծեց նաեւ, որ երկրին ծովային սահմանագծումին որոշումը լիբանանեան պետութեան կը պատկանի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը փորձէ ջնջել ամէն բան, որ կը յիշեցնէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, ինչպէս նաեւ կը փորձէ ծածկել այդ պայթումին վերաբերող բոլոր փաստերը` զանոնք բացայայտելու փոխարէն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ ընդունելու իրանեան նաւթի առաջարկը` արգիլելու համար երկրին ամբողջական փլուզումը:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մոհամետ Սատեք Ֆատլի հաստատեց, որ շրջանին մէջ Իրան նաւթ արտածող մեծագոյն երկիրն է` աւելցնելով, որ Թեհրան միշտ հաստատած է, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Ֆատլի ընդգծեց, որ Թեհրան պատրաստ է հիւրընկալելու լիբանանցի եղբայրները` անոնց հետ քննարկելու համար վառելանիւթ տրամադրելու հարցը: «Իրան իր բարեկամներուն նեղ օրերուն ընթացքին անոնցմէ հրաժարող երկիր չէ», յայտնեց ան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ արաբական հացի տագնապը այսօրուընէ սկսեալ աստիճանաբար պիտի լուծուի` նկատել տալով, որ հացի տագնապը արդէն 90 առ հարիւրով լուծուած է: Ան հաստատեց, որ նախարարութիւնը պիտի հետապնդէ ժողովուրդին հացը չարաշահողները եւ պիտի չխնայէ զանոնք:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Իրանի նոր նշանակուած դեսպաններ Համիշ Քոուելի եւ Մաժթապա Համատանիի հաւատարմագիրները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանի մնացորդացին նկատմամբ վերաբերումը պէտք է ըլլայ զուտ գիտական, մարդկային, ազգային եւ բարոյական, հեռու` ամէն տեսակի ժողովրդահաճոյ յաւելաբանութենէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի պալատին մէջ շաբաթավերջին ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն պահանջներուն պէտք է ընդառաջել եւ անոնց իրաւունքները տրամադրել, որպէսզի անոնք վերջ տան գործադուլին, եւ պետութեան աշխատանքի օղակը վերսկսի բանիլ: Ան ընդգծեց նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանանի համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը բաւական հասունցած է արդէն` աւելցնելով, որ երկիրը առանց կառավարութեան պահելը ոճիր է, պատասխանատուութենէ հրաժարիլ եւ փախուստ տալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Իրաքի եւ Լիբանանի թղթածրարները իրարու հետ առնչուած են` կոչ ուղղելով բոլորին զգուշանալու Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք քաոսէն, «որովհետեւ լիբանանեան փողոցին մէջ բռնկելիք լարուածութիւնը անխուսափելի է», ըսաւ ան:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ կ՛արգիլեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հետապնդելու հոլովոյթը` վախնալով իրենց յանցանքներու բացայայտման հաւանականութենէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի իրաւունքներուն վերատիրանալու առումով Հըզպալլա կը լրացնէ լիբանանեան պետութիւնը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ միայն ուժի ենթարկուելով կրնայ իրաւունքները վերադարձնել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն կարեւորագոյն լուծումներէն մէկն է արեւելեան միացեալ շուկայի մը ստեղծումը: Ան առաջարկեց, որ միացեալ այդ շուկան ստեղծուի հետեւեալ չորս երկիրներուն միջեւ. Լիբանան-Սուրիա-Իրաք-Յորդանան:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ տեղահանուածներու թղթածրարի Հըզպալլայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է գործէ եւ օգտակար դառնայ` լիբանանցիներուն առօրեայ հարցերուն լուծման: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա միշտ կը ծառայէ ժողովուրդին, սակայն ան ինքզինք պետութիւն չի նկատեր:

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փակման Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Յաջորդը

Յունիս 2022-Ին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 9,23 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին` Բաղդատած Մայիս Ամսուան

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?