Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Բ. Տարելիցի Նշում` Ցորենի Շտեմարանի Սիւներուն Փուլ Գալուն Զուգահեռ
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցը նշուեցաւ լիբանանեան տարբեր կազմակերպութիւններու, յատկապէս նահատակներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն կողմէ: Ընդհանուր սուգի մթնոլորտին մէջ, երբ երկրին պետական հաստատութիւններուն վերեւ լիբանանեան դրօշները կիսակայմ ծածանեցան, մեծ թիւով երիտասարդներ եւ լիբանանցիներ 4 օգոստոսին Պէյրութի Արդարութեան պալատէն ուղղուեցան խորհրդարան, ապա անոնք հաւաքուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ աւելի ուշ ուղղուեցան Արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանին կողմը եւ նաւահանգիստին դիմաց կատարեցին...



















