Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով կազմակերպուած երեկոյի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը քննարկեց բռնագրաւուած Պաղեստինի ջուրերուն մէջ նաւթ հորատելու հարթակին զետեղումը, սերտեց կարելիութիւնները «եւ որոշեց ապահովել Լիբանանին շահերուն ծառայող յարմարագոյն լուծումը կամ ուղղուիլ պատերազմի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ժողովուրդին ապահովութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր է` աւեցնելով, որ երկիրը եւ ժողովուրդը նուաստացումէ փրկելու եւ զանոնք աւելի ընդարձակ հորիզոններու առաջնորդելու պատմական առիթ գոյութիւն ունի, «սակայն այդ առիթը ենթակայ է սերտուած վտանգումի: Հետեւաբար մենք պատրաստ ենք մեր հոգիները զոհելու` մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով իրեն ուղղուած այն հարցումին, թէ ո՞վ իրեն Լիբանանը պաշտպանելու պարտականութիւն տուած է, սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Հեռացի՛ր ինձմէ, Աստուած ինծի պարտականութիւն տուած է»:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենց ամբողջ նպատակը ժողովուրդին օժանդակել է եւ լիբանանեան պետութեան պարգեւել ուժի աղբիւրը, որպէսզի զայն օգտագործէ բանակցութիւններուն ընթացքին:
«Մենք բանակցութիւններուն մէջ կողմ չենք, եւ ոչ ոքի պարտականութիւն տուած ենք այդ բանակցութիւններուն մասնակցելու: Բանակցութիւնները լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն են` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Մենք բնաւ միջամուխ պիտի չըլլանք սահմանագծումի թղթածրարին եւ ոչ ալ պետութեան որոշումին: Մենք պարզապէս պետութեան կեցուածքին համար զօրութեան աղբիւր ենք, եւ կը փափաքինք, որ պետութիւնը իր բնական հարստութիւններն ու բարիքները օգտագործէ», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: