Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ծովային սահմանագծումի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան` մաղթելով, որ ուղղուին դէպի Նաքուրա, այլ վայր ուղղուելու փոխարէն:
Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այն է, որ վերադարձ կատարուի դէպի շրջագիծի համաձայնութիւն:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ կը պահանջէ: «Կա՛մ բոլորը եւ կա՛մ բնաւ», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի նաւթային հարստութենէն ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի, իսկ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ոչ մէկ բնականոնացում` միջազգային ընկերութեան միջնորդութեամբ:
Պըրրի շեշտեց, որ Դիմադրութեան կողմէ Քարիշ ուղարկուած անօդաչու թռչող սարքերը արագացուցած են սահմանագծումի թղթածրարին շուրջ խօսակցութիւնները:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են:
Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է քրիստոնեայի եւ իսլամի համ ու հոտ ունենայ, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ ան լիբանանեան ազգային համ ու հոտ ունենայ:
Խորհրդարանի նախագահը դիտել տուաւ, որ պէտք է օգոստոս ամիսէն օգտուիլ` վաւերացնելու համար բարեկարգչական օրէնքները:
Կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Կառավարութիւնը կարելի է կազմել, եթէ հրաշք մը պատահի: Վարչապետ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ եւ անկէ պահանջեցի իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հանդիպում մը կարգաւորել երկուշաբթի օր, բանակի հիմնադրութեան տօնին շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:
Մարոնի համայնքի առաջնորդներէն Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի թղթածրարին մասին խորհրդարանի նախագահը բաւարարուեցաւ ըսելով. «Թո՛ղ օրէնքը գործադրուի»:
Պըրրի աւելցուց, որ եթէ ինք համոզուած ըլլար, որ Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մեղսակիցներ են, ապա չէր արտօներ, որ անոնք իրենց բնակարաններուն մէջ քնանային:
Պըրրի նշեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան նիստի պիտի չհրաւիրէ խորհրդարանը, եթէ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ պահանջուած բարեկարգումի օրէնքները չվաւերացուին:
Անդրադառնալով իր եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութեան` Պըրրի յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ կապ ունի Հարիրիի հետ եւ չ՛ըմբռներ անոր տուած որոշումը: