Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Է Անհրաժեշտ Բարեկարգումները Կատարելու` Ամբողջացնելու Համար Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները»

July 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան նոր նշանակուած տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն ընկերակցեցաւ նախկին տնօրէն ՍարուԺ Քումարճահը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ առկայ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց այն ծրագիրները, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին գործադրուեցան, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կը մնան իրագործուելու ճամբուն վրայ:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու է անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու` ամբողջացնելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները, որոնք կը միտին իրագործել Լիբանանի տնտեսական ապաքինումը:

Քումարճահ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար` աւելցնելով, որ նախորդ 5 տարիներուն ընթացքին Միջազգային դրամատունը նեցուկ կանգնած է լիբանանցիներուն եւ մեծ թիւով ծրագիրներ ֆինանսաւորած:

Ան նշեց, որ Միջազգային դրամատունը կը փափաքի Լիբանանին նեցուկ կանգնիլ եւ օժանդակութիւնը շարունակել` աւելցնելով, որ ընկերային օժանդակութեան «Աման» ցանցին շնորհիւ կարելի եղած է 140 հազար լիբանանցի ընտանիքներու նեցուկ կանգնիլ:

Քումարճահ բարձր գնահատեց խորհրդարանին կողմէ նախանցեալ օր վաւերացուած 150 միլիոն տոլարի ցորեն գնելու Միջազգային դրամատան հետ համաձայնագիրը` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատունը տնտեսութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեանց հետ պիտի գործէ` երաշխաւորելու համար ծրագիրին արդար գործադրութիւնը:

Իր կարգին, Քարէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, անոր ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, որ ինք պատրաստակամ է լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ գործակցելու` իրականացնելու համար Լիբանանին օժանդակելու եւ զայն իր դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրներէն փրկելու Միջազգային դրամատան նպատակը:

 

Նախորդը

Շիա Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Յաջորդը

Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Իսկ Նախարարական Յանձնախումբը Պետական Պաշտօնէութեան Հատուցումներ Կը Ճշդէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.