Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2269 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.250 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Կարճ հանդիպումէ մը ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ստորագրեց 26 յուլիս 2022-ի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացուած օրէնքները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Աշուրայի տօնը կը զուգադիպի երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որ կը հաստատէ, որ երեքշաբթի, 9 օգոստոս 2022-ին` Աշուրայի տօնին առիթով, իսկ երկուշաբթի, 15 օգոստոսին` Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Խաթիպ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին` Լիբանանին զօրակցելու իմաստով, եւ պահանջեց օժանդակութիւնները աւելցնել: Ան մաղթեց նաեւ, որ ծովային սահմանագծումի ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնի վարած բանակցութիւնները դրական արդիւնքներով պսակուին` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Սինիորա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ազգային որոշում է, եւ բոլորը պէտք է նկատի ունենան նախորդ վեց տարիներուն ընթացքին երկրին մէջ տիրած պայմանները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստը երէկ` երկուշաբթի, 1 օգոստոս 2022-ին, բնականոն իր աշխատանքը կատարեց, որովհետեւ ցորենի շտեմարանի սիւներուն փուլ գալը բնաւ պատճառ չէ անոր աշխատանքին կասեցումին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը հազար լ. ոսկիով բարձրացաւ: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 592.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 604.000 լ. ոսկի, մազութը` 649.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 314.000 լ. ոսկի:

ՊԵՏԱԿԱՆ մարզի պաշտօնէութիւնը աստիճանաբար կը վերադառնայ իր աշխատանքին` վերջ տալով յայտարարուած բաց գործադուլին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկին բացակայութիւնը կը բարդացնէ երկրին ելեւմտական կացութիւնը: Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրականացնելու բարեկարգչական օրէնսդրութիւնը, որպէսզի փտածութիւնը սանձարձակութեան աստիճանի չհասնի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնը յոյսի տօն է: Ան նշեց, որ երբ պետութիւնը տկարանայ, բանակը կը տկարանայ, սակայն զինուորական հաստատութեան ներկայ կացութիւնը կը փաստէ, որ ինքն է Լիբանանի յոյսը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրավիճակը իր ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ կը գտնուի: Ան աւելցուց սակայն, որ լիբանանեան բանակին կատարուած օժանդակութիւնները ցոյց կու տան անոր կարիքներուն ողբերգական վիճակը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որուն հետ քննարկեց Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Նիկոլը, Ճակատագրական Սպառնալիքներն Ու Ընդդիմութիւնը

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանագծումի Թղթածրարին Միջամուխ Պիտի Չըլլանք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?