Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սառեցումը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքական ուժերը այսօր անկարող են կառավարութիւն կազմելու, ապա վաղը անոնք անկարող պիտի ըլլան հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Նաքուրայի մէջ Հայֆայի եւ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ ապրող մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի կալանաւորումը լիբանանցի պատասխանատուներուն համար քննութիւն մըն է, թէ որքանո՛վ անոնք կրնան սահմաններ ճշդել մարոնի եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւին: «Ոմանք կը բողոքեն կրօնի` պետութեան գործերուն միջամուխ դառնալու երեւոյթէն, սակայն այսօր պետութիւնը կը յարձակի հիմնական համայնքի մը վրայ: Մենք առաջինն ենք, ովքեր կը յարգեն օրէնքը եւ կը պահանջենք պատասխանատուներէն Հաժ եպիսկոպոսին անցագիրը վերադարձնել անոր եւ ճամբայ բանալ, որ Նաքուրայէն անցնի բռնագրաւուած հողեր: Կը պահանջենք բռնագրաւեալ հողերուն վրայ ապրող լիբանանցիները գործակալ չկոչել», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կ՛աղօթեն առ Աստուած, որ վտանգներէն պաշտպանէ բանակը եւ պահպանէ անոր միասնականութիւնը: