Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հովանիին տակ գործող Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը պէտք եղած դասաւորումները որդեգրած է, եթէ կառավարութիւնը որոշէ իրանեան նաւթ ներածել:
Այս մասին յայտարարեց Նաւթի ընդհանուր տնօրէն Օրոր Ֆղալի:
Ան նշեց, որ ընդհանուր տնօրէնութիւնը կատարած է թղթածրարին թեքնիք բաժինը, մինչդեռ քաղաքական բաժինը կը մնայ կառավարութեան պարտականութիւնը: «Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը պատրաստ է իրանեան նաւթի հսկայ քանակը ենթարկելու տարրալուծարանային սովորական քննութիւններուն` հաստատելու համար, որ անիկա կը լրացնէ այն չափանիշները, որոնց հիման վրայ կը գործէ Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը:
«Տիար» օրաթերթին համաձայն, պատասխանատու աղբիւրներ բացայայտած են, թէ այս հարցով Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած «մոխրագոյն» կեցուածքը կը կասեցնէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տալիք որոշումը, անկախ այն իրողութենէն, որ Միքաթի ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է` հետապնդելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ ներկայացուած առաջարկը:
Յստակ է սակայն, որ մինչեւ ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն պատասխաններուն յստակացումը, իրանեան նաւթի նուիրատուութեան եւ Լիբանանի կողմէ այդ նուիրատուութիւնը ընդունելու որոշում կարելի պիտի չըլլայ կայացնել: