ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2245 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.550 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ապահովական բծախնդիր գործողութեամբ մը Զահլէի մէջ ձերբակալեց «Ապու Սալլէ»-ն, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի «հանրածանօթ» պահանջուածներէն է: Շրջանի բնակչութեան կողմէ «Ապու Սալլէ»-ն պաշտպանելու փորձերուն պատճառով, բանակայինները Շթորայի մէջ օդը կրակեցին եւ զայն փոխադրեցին պաշտպանութեան նախարարութիւն, Եարզէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած է միւֆթի Տըրիանի մօտ: Ան ընդգծեց, որ քաղաքապետական խորհուրդը ամբողջ Պէյրութը չի ներկայացներ, «որովհետեւ մայրաքաղաք Պէյրութը այդ խորհուրդէն շատ աւելի մեծ է եւ իր ընտանիքներով միասնական է», ըսաւ ան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ վերահաստատեց, որ ծովային սահմանագծումի առումով Լիբանան բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իհոր Օսթաշ յայտնեց, որ իրենց ակնկալութեամբ 26 հազար թոն կորեկ «Ռազոնի» նաւուն կողմէ պիտի հասնի Լիբանան` յառաջիկայ 4-5 օրերուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները ղեկավարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յաջորդին վերադառնայ Լիբանան, ապա անոր պատասխանը պէտք է ըլլայ ան, որ Լիբանան Կանայի նաւթահորը ունի` ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ թիւ 8 նաւթահորը: «Յաւելեալ զիջումներ պէտք չէ կատարել», յայտնեց ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուսամա Սաատ, անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին, յայտնեց, որ պէտք է շարունակել պայքարը` պաշտպանելու համար լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքները: Ան ընդգծեց, որ պայթումէն երկու տարի անց տակաւին հետաքննութիւնը չէ աւարտած եւ անոր պատասխանատուներուն դատավարութիւնը չէ սկսած, այլ ամէն բան քաղաքականացած է:
ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նման տարողութեամբ ոճիր մը անկարելի է ծածկել եւ ձգձգումի զոհ դարձնել: «4 օգոստոսը պիտի մնայ Լիբանանի մարմնին ու սրտին մէջ փորագրուած վէրք մը, հետեւաբար պէտք է ոճրագործները պատասխանատուութեան կանչել եւ զանոնք համապատասխան պատիժներու ենթարկել:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշեց հետեւեալը. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ այն իրականութեան, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի այն անձնաւորութիւնը, որ ժողովրդային ներկայացուցչութիւն ունի: Մենք յանձնառու կը մնանք նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրական ժամկէտին, այլ խօսքով` 31 հոկտեմբերէն առաջ կատարելու: Երկրին մէջ տիրող կացութեան, յատկապէս ելեկտրականութեան տագնապին առումով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ այդ իմաստով»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք պիտի մերժեն Դիմադրութեան առանցքին զօրակցութիւնը վայելող ոեւէ թեկնածուի նախագահ ընտրութիւնը եւ ամէն գնով պիտի պայքարին անոր դէմ: Ան հաստատեց, որ պահանջուածը այն է, որ համաձայնութիւն գոյանայ ընդդիմութեան զօրակցութիւնը վայելող անձնաւորութեան մը շուրջ:
«ՔՐԵՏԻԹ» դրամատան վարչական խորհուրդի նախագահ Թարեք Խալիֆէ երէկ առաւօտեան ձերբակալուեցաւ, դրամատան բաժնետէրերէն մէկուն յարուցած հայցին պատճառով: Յետմիջօրէին Խալիֆէ ազատ արձակուեցաւ` վճարելով մէկ միլիառ 800 միլիոն լ. ոսկիի երաշխագին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ իր կարծիքով` նախագահական աթոռի թափուր մնալը 70 առ հարիւր հաւանական է: Ռահմէ հաստատեց, որ նորընտիր նախագահը պէտք է բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուի: