Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհուած Նահատակ Հրշէջներու Ընտանիքները 27 Պաշտօնական Անձնաւորութիւններու Դէմ Բողոք Ներկայացուցին
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին զոհուած նահատակ հրշէջներու ընտանիքները երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր անոնք 27 պաշտօնական անձնաւորութիւններու դէմ բողոք ներկայացուցին` զանոնք ամբաստանելով 4 օգոստոսի պայթումին յանցանքով: Արդարութեան պալատի մուտքին նահատակներուն ընտանիքներուն անունով խօսք առաւ Ուիլիըմ Նուն, որ յատնեց, թէ իրենք նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը կ՛որոնեն եւ պիտի չսպասեն արդիւնքին բացայայտումին: «Ներկայացուած անուանացանկէն ոչ մէկ անուն պիտի ջնջենք, եւ անոնց վերաբերող...




















