Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 77-Ամեակ. «Վստահ Եղէք, Որ Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութեան Յարմար Պայմանները Պիտի Ստեղծեմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Օգոստոս 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 77-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Նախագահ Աուն Ֆիատիէ հասնելէ անմիջապէս ետք ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին:

Սպայից վարժարանը աւարտող սպաները նախագահ Աունէն ստացան իրենց սուրերը եւ կոչուեցան «Սպայից վարժարանի հարիւրամեակի սերունդ»: Յատկանշական է, որ այս տարի շրջանաւարտ 121 սպաներէն 46-ը իգական սեռի կը պատկանին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած հսկայական մարտահրաւէրներուն եւ ընդհարումներուն առընթեր, Լիբանան կը մնայ առանց կառավարութեան, հակառակ անոր որ նորընտիր խորհրդարանին կեանքէն երկուքուկէս ամիս անցած է արդէն:

«Հակառակ այն բոլոր գրաւներուն, թէ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի չկատարուին, Լիբանան նորընտիր խորհրդարան ունի` ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու շնորհիւ: Այսօր նոյն գրաւներուն մասին կը խօսուի` այս անգամ ակնարկելով նախագահական ընտրութեան:

«Վստահ եղէք, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան յարմար պայմանները պիտի ստեղծեմ, որպէսզի նորընտիր նախագահը կարենայ շարունակել մեր սկսած բարեկարգումի դժուար եւ փշոտ ուղին», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ազգային այս նուաճումը կ՛իրականանայ, երբ խորհրդարանը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` ընտրելու այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ ատակ է երկրին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:

Ան մաղթեց, որ նախագահական ընտրութեան ճակատագիրը նոր կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրին նման չըլլայ: «Նոր կառավարութիւն մը չունենալու իրականութիւնը երկիրը կ՛ենթարկէ յաւելեալ ցնցումներու, ինչպէս նաեւ կը խորացնէ տնտեսական եւ ելեւմտական դժուարութիւնները», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ սպաներուն` նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք վերջին անգամ ըլլալով շրջանաւարտներուն կը յանձնէ անոնց սուրերը` մաղթելով, որ անոնք իրենց խոստումին հաւատարիմ ըլլան եւ պահպանեն Լիբանանը, հաւատան անոր ապագային եւ աւելի լաւ երկիր մը կերտեն:

Նախագահական Պալատին Մէջ

Կէսօրին նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն շնորհաւորութիւնը ստացաւ` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութեան:

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պետութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է պահպանել դատական իշխանութիւնները եւ բանակը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ արտակարգ իրավիճակ` երկիրը կը դիմագրաւէ ներքին պառակտումի իրականութիւն մը, որուն լուծում պէտք է գտնել` փոփոխութեան ենթարկելով տնտեսական կացութիւնը:

Անդրադառնալով երկրին տնտեսական կացութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւններուն` նախագահ Աուն դրական արտայայտուեցաւ ծովային սահմանագծումի գործադրութեան մասին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ծանր պայմաններուն ներքեւ պէտք չէ յուսալքուիլ, «որովհետեւ կացութիւնը կարիքը ունի համբերութեան եւ ուժի, որպէսզի դարձեալ ոտքի կանգնինք», ընդգծեց ան:

Իր կարգին, բանակի հրամանատարը նախագահ Աունին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ միակ հաստատութիւնը, որ միասնական է եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ` հակառակ բոլոր անոնց, որոնք երկրին փուլ գալուն վրայ գրաւ դրած են:

«Մենք քաջ գիտենք ձեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն տարողութիւնը եւ ձեր ուսերուն վրայ գտնուող պատասխանատուութիւնները: Բոլորս համոզուած ենք եւ կը հաւատանք, որ այս փուլը պիտի շրջանցենք նուազագոյն վնասներով` շրջանային եւ միջազգային այնպիսի փոփոխութիւններու ընթացքին, որոնք անպայման իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ներքին լիբանանեան կեանքին վրայ», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան աւելցուց, որ ծովային սահմանագծումին առումով լիբանանեան բանակը յանձնառու կը մնայ երկրին պետութեան որդեգրած որոշումին, որ կը ծառայէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահերուն:

«Կը խոստանանք պաշտպանել Լիբանանը, անոր ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, հաւատարիմ մնալ մեր խոստումին, ամրապնդել ու հզօրացնել բանակը եւ զայն հեռու պահել ամէն տեսակի բախումներէ եւ տարակարծութիւններէ», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պոկտանով. «Մոսկուա Կը Զօրակցի Միքաթիի Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Մէջ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Շատ Լաւատես Եմ, Որ Յառաջիկայ Շաբաթներուն Ընթացքին Կրնանք Համաձայնութեան Մը Յանգիլ` Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով» Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?