Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթիի Գրասենեակը Խիստ Պատասխան Մը Կու Տայ Ազգային Ազատ Հոսանքին

August 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին` անոր հօր մահուան սուգին առիթով:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանը յուզող հարցերը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէա Քինտըլը. քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի նորընտիր գեղեցկութեան թագուհի Եասմինա Զէյթունի:

Երեկոյեան Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ պատասխանն էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդին կողմէ Միքաթին երկրին տագնապներուն, յատկապէս ելեկտրականութեան տագնապին պատասխանատու նկատելու ամբաստանութեան:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը անյաջող փորձեր կը կատարեն ճշմարտութիւնը ծածկելու եւ ներկայ իշխանութեան նստաշրջանին ձախողութեան պատասխանատուներ փնտռելու ճամբուն վրայ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը, որոնք պատասխանատու են ներկայ իշխանութեան նստաշրջանին ձախողութեան եւ բազմաթիւ առիթներու վերացումին, չեն կրնար իրենց այդ սխալները ուղղել հաղորդագրութիւններով եւ ճշմարտութիւնը քողարկելով:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ նոր նշանակուած վարչապետը չի մերժեր առանց նախապայմանի կատարուած որեւէ աջակցութիւն, որ Լիբանանի օժանդակութեան եւ յատկապէս ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նպատակ կը հետապնդէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Այնքան Ատեն Որ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Եւ Իսրայէլեան Ծրագիրներ Կան` Մենք Պիտի Ընդդիմանանք Անոնց»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.