Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութեան հովանիին տակ գործող հաստատութիւններուն կարիքները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը` ընկերակցութեամբ 2022-ի Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Եասմինա Զէյթունի:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Զէյթունը անոր ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի գեղեցկութիւնը միջազգային մրցումներուն ներկայացնելու առիթով:
Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթընէյը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: