Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայթումին Ուժգնութեան Դիմացած Ցորենի Շտեմարանին Մնացորդացը Որեւէ Ատեն Կրնայ Փուլ Գալ

Օգոստոս 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դարձեալ 4 օգոստոս է: Լիբանանցիները, անկախ նաւահանգիստի պայթումի նահատակներուն ընտանիքներէն եւ վիրաւորներէն, քանի մը օրէ ի վեր սկսած են վերապրիլ երկու տարի առաջ Լիբանանի սիրտը ցնցած պայթումն ու անոր պատճառած աղէտը:

Վերոնշեալ նախադասութենէն անջատեցինք նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն ընտանիքներն ու վիրաւորները, որովհետեւ անոնք ամէն օր կ՛ապրին այդ ահռելի յուշերը եւ ամէն օր` մերթ արցունքով ու մերթ ժպիտով կը տառապին իրենց ցաւով ու խոր կսկիծով:

Երկու տարի ետք, երբ տակաւին ո՛չ հետաքննութիւն կայ, ո՛չ դատաւոր եւ ո՛չ ալ դատավարութիւն կամ դատական հոլովոյթ, տիրական կը մնայ պայթումին ուժգնութեան դիմացած ցորենի շտեմարանին մնացորդացին եւ անոր փուլ գալուն կամ զայն փուլ բերելուն հարցը:

Ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւները, որոնք անցեալ կիրակի օր փուլ եկան, պատճառ դարձան, որ շտեմարանին մնացեալ հիմնասիւները շատ աւելի արագ կքին եւ ենթակայ դառնան քանդուելու, այլ խօսքով` փուլ գալու:

Գիտական բոլոր ցուցանիշները կը փաստեն, թէ շտեմարանին մնացորդացը որեւէ ատեն կրնայ փուլ գալ, եւ այդ մէկը կրնայ մօտալուտ ըլլալ:

Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս պապը երէկ մաղթեց, որ Լիբանան վերածնունդի ուղիին վրայ շարունակէ իր երթը, ինչպէս նաեւ մնայ հաւատարիմ` խաղաղութեան եւ բազմազանութեան երկիրը ըլլալու իր պատգամին, որպէսզի տարբեր կրօններու պատկանող մարդիկ եղբայրաբար ու համերաշխութեամբ ապրին այդ երկրին մէջ:

Ֆրանչիսկոս պապը պայթումին Բ. տարելիցին առիթով յայտնեց, որ իր մտածումները նահատակներուն ընտանիքներուն եւ լիբանանցիներուն հետ են, եւ կ՛աղօթէ առ Աստուած, որ մխիթարէ բոլորը` արդարութեան եւ ճշմարտութեան բացայայտումին ընդմէջէն, որովհետեւ անկարելի է ծածկել զանոնք:

Միւս կողմէ, Լիբանանի օժանդակ երկիրներու միջազգային խմբաւորումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող դատական հոլովոյթի վերականգնումը հիմնական պահանջ է` լիբանանեան պետութեան վստահութիւնը վերականգնելու:

Նոյն հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան պետութեան կազմելու նոր կառավարութիւն մը, սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու նախագահական ընտրութիւնը, գործադրելու էական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ համաձայնելու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

Պաքուն Հայաստանը Կը Մեղադրէ Եռակողմ Յայտարարութեան Կէտերը Խախտելու Յանցանքով

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?