Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1975 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.750 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան գործակցելու, խորհրդակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու Լիբանանի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու ուղեգիծ մշակել»:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ բանակայիններուն եւ պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձը առաւելագոյնը 10 օրէն պատրաստ կ՛ըլլայ:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը երկուշաբթի, 8 օգոստոսէն սկսեալ Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներու գործադուլ յայտարարեց:

Միութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ դրամատուները այլեւս չեն հանդուրժեր  արձանագրուած այն կեցուածքները, որոնք իրենց վարկին կը վնասեն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը սղած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 567.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 579.000 լ. ոսկի, մազութը` 647.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 316.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը 30 յուլիս 2022-ին Շարաուինայի մէջ կատարեց ներխուժում մը, որուն ընթացքին կրցաւ ազատել առեւանգուած քաղաքացի մը: «Պաալպեքի Շարաուինա թաղին մէջ կատարած իր ներխուժումին ընթացքին բանակը գրաւեց մեծ թիւով գնդացիրներ, քամերաներ, հաղորդակցութեան սարքեր, թմրեցուցիչ, թմրեցուցիչի արտադրութեան գործիքներ, ինչպէս նաեւ գողցուած ինքնաշարժներ: Գրաւուած իրերը յանձնուեցան համապատասխան ատեանին, եւ հետաքննութիւն բացուեցաւ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, բանակը Արսալի եւ Հերմելի մէջ ձերբակալեց լիբանանցի մը եւ սուրիացի մը, որոնք թմրեցուցիչի մաքսանենգում կը կատարէին: Անոնց մօտ բանակը բացայայտեց մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ` 3150 քկ, ինչպէս նաեւ Քեփթակոնի դեղահատեր:

ՕԳՈՍՏՈՍ 4-էն 5 լուսցող գիշերուան ընթացքին Սայտայի Համուտ հիւանդանոցին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը` ելեկտրական կարճ միացումի պատճառով: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը եւ հակակշիռի տակ առին հրդեհը, որ պատճառեց միայն նիւթական վնասներ:

ՀԱՍՊԱՅԱՅԻ Ուազզանի գաղթակայանին մէջ արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ` լիբանանցի քաղաքացիներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու միջեւ արձանագրուած կռիւի մը պատճառով: Ներքին ապահովութեան ուժերը ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ յաջողեցան անդորրը վերահաստատել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ կը շարունակէ շրջափակել Լիբանանը եւ արգիլել իր բնական հարստութեան` նաւթի եւ կազի հորատումը: Հըմայէտ աւելցուց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել փոփոխութեան ենթարկելու Լիբանանի քաղաքական վարչակարգը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իսրայէլացիներուն համար յստակ է, թէ հաւանական յաջորդ պատերազմի մը բռնկելուն պարագային, անոնց հասնելիք վնասը Լիբանանին հասնելիք վնասին կրկնապատիկը պիտի ըլլայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ առաջնահերթութիւնը լիբանանեան դրամատուներուն մէջ քաղաքացիներուն ունեցած գումարներուն պահպանումն է` պետութեան կողմէ որդեգրուելիք ելեւմտական-տնտեսական որեւէ լուծման պարագային:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական վարչակարգը զարգացման կարիք ունի` առանց հարցերու ստեղծումի: Ապի Խալիլ ընդգծեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ոմանք նեղացած են Դիմադրութեան զօրութենէն եւ այն իրականութենէն, որ անիկա իր ուժով եւ զօրութեամբ կարող է Լիբանանի ջրային, նաւթային եւ կազային հարստութեան տիրութիւն ընել եւ իր իրաւունքները պաշտպանել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի Պէյրութի խորհուրդները կոչ ուղղեցին անյապաղ կազմելու նոր կառավարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնները:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախի Պետականութեան Պահպանումն ու Զարգացումը` Հիմնական Թիրախ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Սփիթերին Պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ Սպայ» Աստիճանի Շքանշանով

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?