Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի անդրանիկ նիստին եւ դրական կը գնահատէ զայն` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն, յատկապէս խորհրդարանի նախագահին` ընտրելու հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:
Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կառավարութեան կազմութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան կարճ ժամանակաշրջանի մը համար պիտի ծառայէ ժողովուրդին:
Խորհուրդը մաղթեց, որ կառավարութեան մաս կազմեն ատակ նախարարներ, եւ ոչ թէ կառավարութիւնը վերածուի քաղաքական որոշ ուժի մը պատկանող մարմինի:
Մարոնի եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին վաւերացուած ամավարկին եւ քաղաքացիներուն առօրեայ կեանքին եւ ապրուստին վրայ անոր ունենալիք աղէտալի հետեւանքներուն:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն յաւելեալ խստութեամբ հսկելու երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան` նկատի ունենալով ոճիրներու թիւին արձանագրած աճը:
Մարոնի եպիսկոպոսները անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ հսկել ծովափերը` կանխարգիլելու համար ապօրինի գաղթին պատճառով յաւելեալ զոհերու արձանագրման հաւանականութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Անթուան Մըրատ, որ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ:
Մըրատ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան եւ Թաէֆի համաձայնութեան կառչած մնալու վերաբերող հարցեր:


