Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Աշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են` Հակառակ Բոլոր Խոչընդոտներուն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Հոկտեմբեր 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հովանաւորեց «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանը, որ նուիրուած էր «Դէպի երկրորդ հարիւրամեակ սլացող Լիբանանի երիտասարդութեան»:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքները ընթացքի մէջ են` հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն: «Ոչ ոքի պիտի արտօնուի արգելակել երկրին սահմանադրական երթը», հաստատեց ան:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը յաջողի ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը` սահմանադրութեան ժամկէտին ընթացքին, որովհետեւ երկրին մարտահրաւէրները կը պահանջեն սահմանադրական հաստատութիւններուն գործակցութիւնը:

Միքաթի հաստատեց, որ իրենք կը գուրգուրան Լիբանանեան համալսարանին եւ արհեստից ուսման` աւելցնելով, որ պիտի չարտօնեն համալսարանական կամ կրթական որեւէ հաստատութեան մը քանդումը: «Լիբանան յանձնառու կը մնայ իր բոլոր զաւակներուն ուսում ջամբելու», յայտնեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի ճիգերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ուսուցիչներուն համար ասպարէզը շարունակելու մղիչ ազդակներ իրականացնել եւ վերադառնալ ներկայութեամբ ուսանելու կարելիութեան:

Ծովային սահմանագծումին անդրադառնալով` Միքաթի շեշտեց, որ սահմանագծումը իր ճիշդ հունին մէջ է եւ կը պաշտպանէ Լիբանանի շահերը:

Ան հարցականի տակ առաւ Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ որդեգրուած քայլերը` հաստատելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրը պարտադիր գործադրութեան համար չէ, սակայն քաոսէն շատ աւելի լաւ է եւ լիբանանցիները կը համախմբէ` ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու գաղափարին շուրջ:

Տնտեսական մարտահրաւէրներուն մասին վարչապետը յայտնեց, որ Լիբանանի դիմաց տակաւին կան կարճաժամկէտ մարտահրաւէրներ, որոնք սակայն վտանգաւոր են` նկատի ունենալով աշխարհի տնտեսական սառած իրավիճակը, Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ սնունդի ապահովութիւնը, որ առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնն է:

«Մենք իսկական վտանգի դիմաց կը գտնուինք, եւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին քննարկելու այս հարցերը», ըսաւ ան:

Միքաթի աւելցուց, որ ներկայ սերունդը կարողութիւն ունի հայրենիքը ոտքի կանգնեցնելու` աւելցնելով, որ պետութեան պարտականութիւնն է անոր տրամադրել ազդակներ, որոնք կ՛օժանդակեն անոր գոյատեւելու եւ երկրին փրկութեան նպատակով աշխատելու:

Ան շեշտեց, որ նախ պէտք է կանոնաւորել սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը` հասնելով մինչեւ քաղաքական համախոհութեան, իբրեւ հիմնական նախապայման` տնտեսական տագնապի լուծման:

«Հակառակ տիրող ցաւալի իրավիճակին, կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ չէ յուսալքուած կամ աշխատանքը չէ կասեցուցած` կուտակուած բարդ հարցերը լուծելու նպատակով», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:

 

Նախորդը

Ճ. Պուչիքեան Այցելեց «Փեփսի Քոլա»-ի Գործարան

Յաջորդը

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Ներխուժումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?