Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքի. քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զաքի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: