Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր երէկ ուղղուեցաւ «Պիպլոս» դրամատան Անթիլիասի մասնաճիւղը, ուր պահանջեց դրամատան մէջ ունեցած իր գումարը: Ան շեշտեց, որ դրամատան կողմէ անարդար լուծման մը յանգած են` աւելցնելով, որ դրամատունը ստիպած է իրեն ստորագրելու անարդար փաստաթուղթ մը:
Զարազիր նկատել տուաւ, որ իբրեւ երեսփոխաններ իրենք ապահովագրութիւն ունին` աւելցնելով, որ իր պահանջածը ապահովագրութեան տարբերութիւնն է:
Սինթիա Զարազիր դրամատուն ուղղուած էր պահանջելու իր ունեցած 8.500 տոլարը` վիրահատութեան մը ենթարկուելու համար: Կարգ մը այլ աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ Զարազիրի նպատակն է գեղեցկագիտական գործողութեան մը ենթարկուիլ:
Ան հանդիպում մը ունեցած էր դրամատան տնօրէնութեան հետ, առանց համաձայնութեան մը յանգելու, նկատի ունենալով, որ դրամատան տնօրէնութիւնը առաջարկած էր անոր, որ ունեցած գումարը ստանայ 8000 լ. ոսկիի փոխարժէքի սակին հիման վրայ:
Միւս կողմէ, «Պէյրութ» դրամատան Ժիպէյլի մասնաճիւղին մէջ արձանագրուեցաւ զինեալ միջադէպ մը, երբ առաւօտեան քաղաքացի մը, որ դրամատան մէջ հաշիւ ունի, ուղղուեցաւ դրամատուն եւ անոր դիմաց դուռը փակ պահուեցաւ` պատրուակելով, որ ան նախապէս ժամադրութիւն չէ ստացած դրամատուն մուտք գործելու եւ գործառնութիւն մը կատարելու:
Այս կացութեան դիմաց ջղագրգիռ քաղաքացին ուղղուեցաւ իր ինքնաշարժը, ուրկէ վերցուց իր գնդացիրը եւ կրակ բացաւ դրամատան դրան ուղղութեամբ` փշրելով դրամատան ապակիները:
Դէպքին վայրը փութացին ապահովութեան ուժերը, որոնք անմիջապէս հետաքննութիւն բացին:


