Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր ոլորտներուն պարագային:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ մշակոյթի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: