Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճ. Պուչիքեան Այցելեց «Փեփսի Քոլա»-ի Գործարան

October 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան այցելեց Շուէյֆաթի «Փեփսի քոլա»-ի ընկերութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ գործարանի տնօրէն Ուալիտ Թուֆիք Ասսաֆի եւ գործարանի պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական հեղինակութիւններու կողմէ:

Ասսաֆ բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց ի պատիւ Պուչիքեանի` բարձր գնահատելով անոր ցուցաբերած գուրգուրանքը լիբանանեան ճարտարարուեստին նկատմամբ:

Ասսաֆ անդրադարձաւ գործարանին աշխատանքներուն եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Ճ. Պուչիքեան շրջեցաւ գործարանին մէջ` նշելով, որ ինք գործարանները կ՛այցելէ մօտէն ծանօթանալու համար լիբանանեան ճարտարարուեստի ներկայ պայմաններուն եւ իւրաքանչիւրին դիմագրաւած դժուարութեան:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ իր այցելութիւններուն ընթացքին ինք գործարաններու սեփականատէրերուն մօտ կը շօշափէ տոկալու, տնտեսական տագնապին դէմ պայքարելու եւ արդիականացման ոգին:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ կէս դարէ ի վեր աշխարհը փոխուած է համաշխարհայնացումին պատճառով, եւ աւելցուց, որ բոլորին միջեւ հասարակ յայտարարը կը մնայ այն, որ ժողովուրդները իրարու կարիք ունին` իրենց արտադրութիւններն ու ճարտարարուեստի արդիւնաբերութիւնն ու նորարար միտքերը փոխանակելու կարիք ունին:

Պուչիքեան հաստատեց, որ ճարտարարուեստի մարզի նորարարութեան մէջ լիբանանցիները միջազգային շուկաներուն մէջ կը փայլին: Ան շեշտեց, որ այդ իրականութիւնը իրենց հպարտութիւն կը պատճառէ: «Լիբանանցի վարպետներուն յաջողութիւնը կու գայ անոնց հմտութենէն, որակի եւ չափանիշներու ամբողջացման հսկելու անոնց յանձնառութենէն, արտադրութեան պարագային օգտագործուած թեքնիք նորութիւններէն, ինչպէս նաեւ լաւագոյն հում նիւթը օգտագործելու իրենց մղումէն», հաստատեց ան:

Պուչիքեան ընդգծեց, որ «Փեփսի քոլա»-ն Լիբանանի առաջին ընկերութիւններէն է` աւելցնելով, որ ան նաեւ վերամշակում կը կատարէ:

«Որեւէ արտադրութիւն, որ կը կրէ «Արտադրուած է Լիբանանի մէջ» պիտակը, երբ կը հասնի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Ճափոն, Քանատա, Աւստրալիա, Պրազիլ եւ ափրիկեան երկիրներ, ապա ատիկա փաստ մըն է, որ լիբանանեան ճարտարարուեստը յաղթահարած է մարտահրաւէրները եւ կը շարունակէ իր ընթացքը` արդիւնաբերական մրցակցային իր կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով», եզրափակեց Ճ. Պուչիքեան:

Միւս կողմէ, Պուչիքեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումը 13 առ հարիւրով բարձրացած է եւ Լիբանանի համար 4 միլիառ տոլարի շահ ապահոված:

Ճ. Պուչիքեան շեշտեց, որ դուրս արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն  համեմատութիւնը կրնայ աւելի եւս բարձրանալ, եթէ Ծոցի երկիրները իրենց դռները բանան լիբանանեան արտադրութեանց դիմաց:

 

Նախորդը

Ֆայեատ. «Ելեկտրական Հոսանք Արտադրելու Համար Բնական Կազը Կը Ծառայէ Իբրեւ Իսկական Աղբիւր»

Յաջորդը

«Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Աշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են` Հակառակ Բոլոր Խոչընդոտներուն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.