Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիա Կը Թելադրէ Ծովային Սահմանագծումին Մասին Լիբանանի Պատասխանը Արագացնել

October 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւններուն, յատկապէս Պաապտայի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ արձանագրուած դիտողութիւնները սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին փոխանցելու քայլերուն:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն ներկայացուց նախագահական պալատին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները եւ լիբանանեան կողմին որդեգրած դիտողութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հոքշթայնի առաջարկին:

Շիա թելադրեց սահմանագծումին մասին Լիբանանի պատասխանը արագացնել` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են այս թղթածրարով եւ կը փափաքին զայն գործադրել ամէնէն մօտիկ ապագային:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով նախկին օգնական Տէյվիտ Շինքըր յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի մը բռնկումին հաւանականութիւնները տակաւին կը մնան բարձր` հակառակ ծովային սահմանագծումին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու իմաստով արձանագրուած յառաջդիմութեան:

Շինքըր յայտնեց, որ Հոքշթայնի առաջարկը կրնայ երկուքին միջեւ բախումը յետաձգել, սակայն Իսրայէլի անվտանգութիւնը չ՛երաշխաւորեր:

Նախորդը

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Ներխուժումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Քոլոմինա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.