Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Մաքսատնային Վարչութեան Վերաբերող Ժողովի Մը

October 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի նախագահեց ժողովի մը, որ կը վերաբերի մաքսատնային վարչութեան կացութեան եւ աշխատանքներուն:

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան մաքսատնային վարչութեան իրավիճակն ու գործարարներուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն համար մաքսատնային գործառնութիւնները դիւրացնող միջոցները:

Մաքսատնային վարչութեան աշխատանքներուն եւ կարգ մը բացթողումները սրբագրելու միտող այս ժողովները պիտի շարունակուին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյ. քննարկուեցան Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին արդիւնքները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները եւ գործակցութեան նոր հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որ մաղթեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ նախագահական աթոռը թափուր չմնայ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ եւ Հատի Ապուլ Հըսըն, որոնք քննարկեցին Լեռնալիբանանի կարիքները, ինչպէս նաեւ Նաամէի թափօններու թաղման վայրը ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան համար օգտագործելու կարելիութիւնները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Նիսրին Մաշմուշի:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Կազմելու Կառավարութիւնը

Յաջորդը

Օլիվըր Վարհելյի Լիբանանցի Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղեց Գործադրելու Բարեկարգումները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.