ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.850 լ. ոսկի է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի 11 հոկտեմբեր 2022-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 5000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 699.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 716.000 լ. ոսկի, մազութը` 810.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 423.000 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յաջորդ նիստին պիտի ջանան օրինաթիւը պահել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Մաթթա կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Եասին շեշտեց, որ բարեկարգչական երեսփոխանները կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը միացնէ լիբանանցիները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենց նախատեսութեամբ կառավարութիւնը պիտի կազմուի նախագահական նստաշրջանը աւարտելէ առաջ: Ան հաստատեց, որ ժամանակը հասած է վաւերացնելու քեփիթըլ քոնթրոլի յատուկ օրէնքը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի պահանջները շատ աւելի արագ պիտի լուծուին, քան` տիւրզի նախարարին թնճուկը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, թէ ի՞նչը կ՛արգիլէ յայտարարելու համար, թէ լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտքը հասած է 60 միլիառ տոլարի, եւ աւելցնելու, թէ պետութիւնը ապագային պատրաստ է կատարելու իր այդ պարտաւորութիւնը: