Պու Սաապ. «Միացեալ Յանձնախումբերը Նկատի Պիտի Ունենան Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Իրաւունքը»
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ առաւօտեան նախագահեց խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծին քննարկումը: Կէսօրին աւարտած նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ այդ օրինագիծը դուրս պիտի գայ միացեալ յանձնախումբերու նիստէն` հաստատելով, որ յանձնախումբերը պիտի ունենան դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքը, առանց անձնատուր ըլլալու այդ գաղափարին, թէ այդ գումարները վերացած են: «Դրամատուները կրնան քաղաքացիներուն իրաւունքները ապահովել...



















