Կաղանդի օրը Սըլաաթայի ծովափէն նաւարկած նաւ մը, որուն վրայ կը գտնուէին հարիւրաւոր ապօրինի փախստականներ, ծովամոյն դառնալու վտանգին ենթակայ էր:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան ծովուժը, գործակցութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, փութաց դէպքին վայրը եւ կրցաւ փրկել 234 փախստականներէն 232-ը. խեղդամահ դարձան մայր մը եւ անոր զաւակը: Բանակը կրցաւ ծովէն դուրս բերել անոնց դիակները, իսկ իր փրկած քաղաքացիները փոխադրեց Թրիփոլիի նաւահանգիստ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը եւ անոնց ի գործ դրած ջանքերն ու փրկարար աշխատանքը: Միքաթի ցաւ յայտնեց խեղդամահ դարձած քաղաքացիներուն համար եւ անոնց ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շեշտեց, որ Սըլաաթայի մէջ ծովամոյն դառնալու վտանգին տակ գտնուած նաւը խանգարում ունեցած էր նաւարկած պահուն իսկ: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին կողմէ ցուցաբերուած արագ միջամտութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ նաւուն վրայ գտնուող հարիւրաւոր փախստականները Թրիփոլիի նաւահանգիստ փոխադրել:
Երեսփոխան Հասան Մըրատ ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ կրցաւ կանխարգիլել Լիբանանը հարուածելիք մարդկային նոր աղէտ մը:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց մահացած քաղաքացիներու ընտանիքներուն եւ աւելցուց, որ բանակը կրցած է կեանքի վերադարձնել սովի մատնուելու քաղաքականութենէն փախուստ տուողները: «Արդեօք կառավարութիւնները կ՛անդրադառնա՞ն աղքատներուն եւ կը զօրակցի՞ն լիբանանեան բանակին, որ մահը կը հեռացնէ մեր զաւակներէն», հարց տուաւ ան:
Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Հսկեն
Նոր Տարուան Գիշերուան Ապահովութեան
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի 31 դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին Ներքին ապահովութեան ուժերը հրաւիրեց մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը` ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:
Նախքան ապահովութեան ուժերուն հսկողութիւնները սկսիլը, Մաուլաուի շեշտեց, որ վճռականութեամբ աշխատանքն ու օրինականութեան կառչածութիւնն են, որոնք երկիրը կը կառուցեն: Ան ողջունեց ապահովական բոլոր կառոյցներուն ուժերն ու հերոսները:
Մաուլաուի հաստատեց, որ ինք իւրաքանչիւր ոստիկանի կը զօրակցի` շեշտելով, որ անոնք երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանող հերոսներ են:
«Դուք մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք, սակայն կամքով ու կորովով շրջանցած էք զանոնք, որովհետեւ հերոս էք ու երկիրը հարուածող տագնապներէն ու դժուարութիւններէն շատ աւելի ամուր: Իբրեւ կառավարութիւն եւ պատասխանատուներ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք զօրակցելու ու օժանդակելու ձեզի եւ կը խոստանանք, որ մեր ջանքերով ու ձեր համբերութեամբ լիբանանցիները մօտիկ ապագային շունչ մը պիտի առնեն երկիրը հարուածող տագնապներէն», ըսաւ ան:
Մաուլաուի յանձնարարեց պահպանել երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ հսկել Նոր տարուան գիշերը քաղաքացիներու հանգիստին:
Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի ամբողջ տարածքին Կաղանդի գիշերուան իրագործուած հսկողութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է` աւելցնելով, որ ապահովական ոչ մէկ լուրջ դէպք պատահած է, եւ ինքնաշարժի ոչ մէկ արկածի պատճառով զոհեր արձանագրուած են:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ սակայն, որ Պէյրութի Պըրժ Ապի Հայտար, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի Զահիրիէ շրջաններուն մէջ թեթեւօրէն վիրաւորուած են երեք քաղաքացիներ` կրակոցներու պատճառով, ինչպէս նաեւ փամփուշտ ստացած են երկու օդանաւեր, որոնք կը գտնուէին Պէյրութի միջազգային օդակայանի էջուղիներուն վրայ:
Հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ ապահովութեան ուժերու հետախուզական բաժանմունքը կազմած է 116 կասկածելիներու անուանացանկ մը, որոնք Նոր տարուան գիշերուան հաւանական կրակողներն են:
Իմատ Օսման շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ անցընել բնական եւ ապահով Նոր տարուան գիշեր մը: Ան ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնն ու ապահովական մնացեալ կառոյցները, որոնք իրենց կարգին հսկեցին լիբանանցիներուն անվտանգութեան:


