Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանան Այսօր Կարիքը Ունի Ներշնչուելու Համախոհութեան Յանգելու Մեծերուն Ոգիով` Հեռու Անձնականացումէ»

January 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ «Մաքասետ»-ի հիմնադրութեան 145-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ողջունեց կրթական այդ հաստատութեան առաքելութիւնը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յաւելեալ բարգաւաճում:

Իպրահիմ անդրադարձաւ «Մաքասետ»-ի համար իրենց ծառայութիւնը մատուցած լիբանանցի պետական դէմքերու եւ անձնաւորութիւններու նուիրումին` հաստատելով, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի ներշնչուելու համախոհութեան յանգելու մեծերուն ոգիով` հեռու անձնականացումէ եւ անձնասիրութենէ:

Ան շեշտեց, որ սահմանադրական հոլովոյթները ամբողջացնելու այլ միջոց չկայ, բացի երկխօսութեան եւ համախոհութեան տրամաբանութեան կառչածութենէն:

Անդրադառնալով լիբանանեան անցագիրներու հարցին` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ 15 փետրուարէն ետք կարելի պիտի ըլլայ այդ հարցը լուծել` աւելցնելով, որ այդ թուականէն ետք կարելի պիտի ըլլայ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի արտադրողականութեան հզօրութիւնը վերադարձնել օրական երեք հազար անցագիրի դրութեան:

Լիբանանի տնտեսական տագնապը Միջազգային դրամական ֆոնտին ճամբով լուծելու մասին Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք այդ լուծումը չի նախընտրեր, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին շատ սուղ պիտի վճարէ անոր գինը: «Պէտք է այլընտրանքներու մասին մտածել», ըսաւ ան:

Երկրին ապահովական իրավիճակին անդրադառնալով` Իպրահիմ հաստատեց, որ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով սակայն, որ տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնն է, որ կրնայ ընկերային պայթում մը յառաջացնել:

Երկրին դատական իշխանութեան թիրախ դառնալու մասին Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները թիրախ կը դառնան ճնշումի եւ յարձակումի, սակայն կառոյց մը պէտք է ինքզինք պաշտպանել գիտնայ եւ դիմադրողականութիւն ունենայ:

Ան յոյս յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին կարելի ըլլայ ամբողջութեամբ բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ այդ թղթածրարին որդեգրած ուղին լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատին Ենթարկուած Միջադէպին Հարցով Դատական Իշխանութիւնները Կ՛ամբաստանեն 7 Յանցագործներ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.