Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտարարեց, որ Կաղանդի գիշերուան ընթացքին արձանագրուած որեւէ միջադէպի պարագային կապ պիտի հաստատուի Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հետ, ինչպէս նաեւ գործակցութիւն պիտի հաստատուի ապահովական եւ զինուորական բոլոր կառոյցներուն միջեւ` աւելցնելով, որ ապահովական այդ ծրագիրը պիտի երկարի մինչեւ կիրակի, 1 յունուար 2023-ի յետմիջօրէ:
Մաուլաուի յայտնեց, որ 7700 ոստիկաններ պիտի հսկեն լիբանանցիներուն ապահովութեան: