Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.400 լ. ոսկի է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային հարցերը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով խորհրդարանական յանձնախումբերը այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին միացեալ նիստ մը պիտի գումարեն` շարունակելու համար «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին քննարկումը: Նշենք, որ Պըրրի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած էր խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Քննարկուած էին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ իմացուց, թէ Պեքաայի Տար Ուեսաա շրջանին մէջ գործադրած է ներխուժում մը` ինքնաշարժ գողցող աւազակներ, բանակին դէմ կրակողներ եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգներ ձերբակալելու նպատակով: Ներխուժումին ընթացքին վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Միւս կողմէ, բանակը նախանցեալ օր Պաալպեքի մէջ ձերբակալեց յանցագործ մը, որ շարք մը յանցանքներով ամբաստանուած է: Ձերբակալութեան ընթացքին արձանագրուեցաւ կրակոց եւ ձերբակալուող յանցագործին ընկերակցող սուրիացի քաղաքացին սպաննուեցաւ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը մերժելի է եւ վտանգաւոր, իսկ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է, որ Լիբանանը կրնայ փլուզումէ փրկել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ Լոնտոն. անոր այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ, 14 յունուար: Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Հարիսայի մէջ նախագահեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապի հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին անդրադարձաւ վախճանած պապին յատկանիշներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ անոր բարեկամական յարաբերութիւններուն:

ՍՊԻՏԱԿ տան որոշումով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ: Միւս կողմէ, Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Շիա տակաւին կը գործէ իբրեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստէն հեռացող իւրաքանչիւր երեսփոխան Լիբանանի ապաքինման հոլովոյթը կ՛ուշացնէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը իր ընթացիկ նիստին շեշտեց նախագահական ընտրութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կատարելու կարեւորութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ գերիշխանական ուժերն ու հեղինակութիւնները սահմանադրական անհիմն պատրուակներով կը զինուին` արգելակելու համար ժողովուրդին կարիքները հոգալու կառավարութեան նիստերը:

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ գարնան Լիբանան հանրապետութեան նոր նախագահ պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա չի յանդգնիր իր թեկնածուին անունը յայտարարելու, որովհետեւ ան վստահ չէ, թէ անոր ընտրութիւնը կրնայ երաշխաւորել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի նախագահական դատարկութեան երկարատեւ փուլի մը դիմաց` աւելցնելով, որ միակ լուծումը երկխօսութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող նախագիծ մը, որուն շնորհիւ կարելի կրնայ ըլլալ յառաջիկայ շաբաթներուն Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնել: Ժահժահի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, որ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն կը մնայ երեսփոխան Միշել Մուաուատը` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն քաղաքացիական պատերազմը եւ չեն զիջիր բարեկարգումի եւ գերիշխանութեան ծրագիրէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանան իր վատ իրավիճակէն կ՛ուղղուի դէպի վատագոյնը` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար յաւելեալ քաղաքական քինախնդրութիւն հանդուրժել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ փոսթ» թերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակի պատասխանատուները հաստատած են, որ Հըզպալլա կը շարունակէ մնալ Իսրայէլի մեծագոյն սպառնալիքը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա տարեսկիզբին արտասանած իր ճառին մէջ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ Դիմադրութեան կռնակէն չի հարուածեր, այսինքն` համախոհութիւն կը հաստատէ ու երկխօսութիւն կը կատարէ պաշտպանելու համար Լիբանանը եւ ոչ թէ զայն քաղաքացիական պատերազմի կ՛առաջնորդէ: Ան նշեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հարցը լուծելու, «եւ այս նպատակով հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին: Մենք մեր դաշնակիցները չենք լքեր, բացի եթէ անոնք ատիկա փափաքին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ սահմանամերձ շրջանին մէջ իրենք կը հսկեն թշնամիին ուժը հաւասարակշռելու` ընդգծելով, որ Աքսայի մզկիթին եւ քրիստոնէական սրբավայրերուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարելը կրնայ ամբողջ շրջանը պայթեցնել:

 

Նախորդը

Քոքթել Մոլոթովով Յարձակում` Մարսէյի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Վրայ

Յաջորդը

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Լիբանանցի Անձնաւորութիւններ, Կուսակցութիւններ Եւ Հաստատութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայ Համայնքը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?