Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրիօ. «Հակառակ Մարտահրաւէրներուն, Ֆրանսա 2023-ին Պիտի Շարունակէ Մնալ Լիբանանի Կողքին»

January 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ անոնց յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:

Ան նշեց, որ տարի մը առաջ` 2022-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անունով խոստացած է, թէ Ֆրանսա նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին եւ օժանդակէ անոր: «Այս տարի կը վերանորոգեմ այդ խոստումը եւ կ՛ըսեմ, որ հակառակ մարտահրաւէրներուն, Ֆրանսա 2023-ին պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի կողքին եւ զօրակցիլ անոր, հաւատալով, որ Լիբանան անձնատուր չէ եղած եւ պիտի կարենայ վերականգնիլ», շեշտեց Կրիօ:

Ան նկատել տուաւ, որ ինչպէս անցնող տարի, 2023-ին եւս Ֆրանսա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին:

Կրիօ հաստատեց, որ գլխաւոր նպատակը Լիբանանի կայունութիւնն է` աւելցնելով, որ Ֆրանսա իր աշխուժ գործակցութիւնն ու ներդրումը ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի պատմական համաձայնագիրի ստորագրութեան բանակցութիւններուն առումով:

«Ֆրանսա մղեց նաեւ, որ Ծոցի երկիրները, յատկապէս Սէուտական Արաբիան, վերադառնան Լիբանան եւ սկսին զօրակցելու մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան, յատկապէս առողջապահութեան մարզին մէջ: Ֆրանսա նպաստեց նաեւ ապահովութեան ուժերու կարողութիւնները պահպանելու, որպէսզի անոնք շարունակեն երկիրը պաշտպանելու եւ անոր միասնականութիւնը պահպանելու իրենց պարտականութիւնները», ըսաւ ան:

Կրիօ անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական բարգաւաճման, կրթութեան եւ մշակութային մարզերու բարելաւման, քաղաքացիութեան կարեւորութիւնը շեշտելու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ տրամադրեց օժանդակութիւններ սննդեղէնի անվտանգութիւնը պաշտպանելու, քորոնա ժահրի եւ քոլերայի յատուկ պատուաստներ ապահովելու մարզերուն մէջ:

Ան նկատել տուաւ, որ 2022-ին Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը գերազանցեց 230 միլիոն եւրոն:

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատին Ենթարկուած Միջադէպին Հարցով Դատական Իշխանութիւնները Կ՛ամբաստանեն 7 Յանցագործներ

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Միացեալ Յանձնախումբերը Նկատի Պիտի Ունենան Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Իրաւունքը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.