Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանցի անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններ, հաստատութիւններ եւ սենտիքաներ շնորհաւորեցին հայ համայնքը` ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած երկտողով եւ շնորհաւորութեան խօսքեր կրող լուսանկարներով:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայ համայնքի յարգելի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Ծննդեան տօնը այսօր նշող բոլոր համայնքներուն տօնը շնորհաւոր: Կը մաղթենք, որ Բեթղեհէմէն շողացող աստղը խաղաղութիւն եւ ցնծութիւն բերէ մեր հայրենիքին եւ մեր վիրաւոր Արեւելքին»:
Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր եղբայր լիբանանահայերը եւ կը հաստատենք, որ Ծնունդը սուրբ է եւ անիկա աւետիս է: Թող որ բոլորս` իսլամ թէ քրիստոնեայ, դառնանք այնպէս, ինչպէս Յիսուս մեզի փափաքեցաւ տեսնել: Ս. Ծնունդը թող ըլլայ այն առիթը, երբ մեր բոլոր աղօթքները կը լսուին, փորձանքները կը վերանան, սիրտերը կը բացուին, միտքերը կը լուսաւորուին եւ կամուրջներ կը հաստատուին, Ամէն»:
Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց արժանապատիւ լիբանանահայութիւնը, որ Լիբանան հայրենիքը հարստացուցած է իր իրագործումներով, ինչպէս նաեւ Արեւելքի խորերը մխրճուած իր մշակոյթով:
«Հայ համայնքը Լիբանանի բազմազանութեան մէջ իր համարկումով կը մնայ օրինակելի նուիրեալը` պետականութեան հասկացողութեան: Յարգելի՛ այս համայնքին կարեւորութիւնը կ՛արտացոլայ Ա. Աշխարհամարտէն սկսեալ, երբ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած գողգոթային եւ կորսնցուց իր զաւակներուն աւելի քան մէկ միլիոնը: Հայ ժողովուրդին ապրած փորձառութիւնը նման է Լիբանանի փորձառութեան, որ դարձեալ Օսմանեան կայսրութեան անիրաւութեան պատճառով մեծ թիւով նահատակներ ունեցաւ, եւ մայրաքաղաք Պէյրութի Պուրճի հրապարակին վրայ լիբանանցի մտաւորականները կախաղան բարձրացան Լիբանանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Իբրեւ պատմութեան ընթացքին այս տառապանքը վկայած ժողովուրդի զաւակ, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կը խոնարհիմ բոլոր նահատակներու յիշատակին ընդառաջ` մաղթելով, որ Քրիստոսի Ծնունդը մեր հայրենիքին բերէ խաղաղութիւն», յայտնեց Ուատիհ Խազեն:
Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց այս գրառումը. «Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն կը յայտնեմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս եւ յոյս կը յայտնեմ, որ Ս. Ծննդեան տօնը ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն խաղաղութիւն, բարիք եւ կայունութիւն պարգեւէ»:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շնորհաւորեց լիբանանահայութեան Ս. Ծննդեան տօնը` մաղթելով, որ այդ տօնը բոլորին համար բերէ խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն:
Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ թուիթըրեան իր հաշիւով շնորհաւորեց հայ համայնքին ու ղպտիներուն Ս. Ծնունդը` հաստատելով, որ իրենք կը մնան իրաւունքի եւ ճշմարտութեան վկաները:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ունեցաւ ձայնասփիւռային յայտարարութիւն մը, որ սկսաւ հայոց լեզուով շնորհաւորելով հայ համայնքին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: «Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանանի հայ համայնքին կ՛ուղղեմ իմ ջերմ բարեմաղթութիւններս` աղօթելով առ Աստուած, որ այս տարուան ընթացքին բոլորս վկայենք բարիքը, յոյսն ու սէրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երկարատեւ տագնապին լուծումը: Հայ համայնքի արժանապատիւ զաւակներուն յաջողութիւն կը մաղթենք, իսկ արտերկրի լիբանանահայերէն կը յուսանք, որ յիշեն Լիբանանը. անոնք հաւատարիմ կը մնան Լիբանանին, եւ անոնց սիրտը այս երկրին աւազի հատիկներով կը բաբախէ: Կ՛ողջունեմ հայ համայնքը եւ սիրով կը շնորհաւորեմ անոնց` մաղթելով յաւելեալ բարգաւաճում: Յուսամ այս տօնը կ՛ըլլայ նաեւ առիթ մը, որմէ կը ներշնչուին Լիբանանի պատասխանատուները եւ վերջ կու տան իրենց տարակարծութիւններուն` ընտրելով հանրապետութեան նախագահը եւ վերադառնալով երկխօսութեան սեղան, ուր պէտք է մտածուի Լիբանանը վերակառուցելու մասին եւ լիբանանցիները իրենց գողգոթայէն դուրս բերելու մասին», շեշտեց Քսսայֆի:

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնը իրենց պաշտօնական կայքերուն եւ Ինսթակրամի էջերուն վրայ տեղադրուած լուսանկարներով ու մաղթանքներով շնորհաւորեցին նաեւ Լիբանանեան բանակը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, Լիբանանի հոգեբաններու սենտիքան եւ «Լը Շարքիւթիէ» հանրախանութը:





