Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Առիթ Չկայ` Առանց Համախոհութեան»

January 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ժամանակը հասած է, որ բոլորը իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն Լիբանանի հանդէպ:

Ան հաստատեց, որ պէտք է տարեսկիզբին լուրջ աշխատանք տարուի, եւ լուրջ քայլեր առնուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուած դատարկութիւնը քանի մը շաբաթ կարելի է հանդուրժել եւ ոչ թէ ամիսներ, որովհետեւ երկրին իրավիճակը բաւական վատ է, «այլ խօսքով` պայթուցիկ է, հետեւաբար պէտք է համախոհութիւն գոյացնել հանրապետութեան նոր նախագահի մը շուրջ, որպէսզի երկրին երթը վերսկսի», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ ինք դարձեալ երկխօսութեան նախաձեռնութիւն մը պիտի չառաջադրէ: «Փորձեցի, բայց չընդառաջեցին, հետեւաբար ի՞նչ է արդեօք երկխօսութեան հրաւիրելու արդիւնքը», հարց տուաւ ան:

Պըրրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթ չկայ` առանց համախոհութեան: «Նոր կազմուած խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն եւ փոքրամասնութիւն չկայ: Բոլորս փոքրամասնութիւններ ենք, եւ այդ պատճառով ալ երկխօսութիւնը հիմք կը նկատուի», ընդգծեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը դիտել տուաւ, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերը իրարու հետ նստին եւ իրարու աչքերուն մէջ նայելով, առանց յետին նպատակներու, ինչպէս նաեւ անկեղծ պատասխանատուութեամբ փորձեն հասնիլ համախոհութեան, «որուն համաձայն բոլորս պէտք է ուղղուինք խորհրդարան եւ ընտրենք հանրապետութեան նոր նախագահը», աւելցուց ան:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսական Դեսպանատունը Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Օժանդակելու Ֆրանսայի Պատրաստակամութիւնը

Յաջորդը

Կաղանդի Օրը Լիբանանեան Բանակը Սըլաաթայի Մէջ Փրկեց Հարիւրաւոր Ապօրինի Փախստականներ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.