ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 46.250 լ. ոսկի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը կը յայտնէ, թէ իսրայէլեան նաւեր 8 յունուար 2023-ին երկու անգամ խախտած են ծովային սահմանը` լիբանանեան ջուրերուն մէջ կատարելով ոտնձգութիւններ: Ոտնձգութիւններուն հարցը կը հետապնդուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Ռիաշի նշեց, որ Մաուլաուի հաստատած է, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ տնտեսական ներկայ տագնապը պատճառ դառնայ պետական դպրոցներուն եւ կրթական համակարգին փլուզման:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ երկխօսութիւնը զիրենք կ՛առաջնորդէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերը ապահովելու:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հաստատեց, որ ինք կառավարութեան նիստին պիտի չմասնակցի, բացի եթէ 24 նախարարներ մասնակցին նիստին եւ 24 նախարարները ստորագրեն տրուած որոշումներուն հրամանագիրները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ խորհրդական Ֆարես Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու իմաստով խորհրդակցութիւններ կը կատարուին, նոյնիսկ եթէ այդ նիստը վերաբերի միայն ելեկտրականութեան թղթածրարին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահի քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան շաբաթներով նախագահական դատարկութեան փուլ չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ կարգ մը «տաք գլուխներ» կը մերժեն եւ կ՛արգելակեն ներքին լիբանանեան իմաստով գոյացուելիք որեւէ լուծում:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան պարագային երեսփոխան Միշել Մուաուատէն բացի այլ թեկնածու որդեգրելու մասին ցարդ որոշում չկայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ եթէ երեսփոխան Միշել Մուաուատ մաս կազմած ըլլար Հզօր Լիբանան համախմբումին, ապա ան այսօր հանրապետութեան նախագահ ընտրուած կ՛ըլլար:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումին գլխաւոր նպատակը անոնց միջեւ սառցահալ կատարելն էր. ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահական թեկնածուներու մասին ոչ մէկ քննարկում կատարուեցաւ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ առանց պետութեան գերիշխանութիւն չկայ, իսկ առանց արդար եւ գործօն դատական իշխանութեան պետութիւն չկայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու կողմէ ցուցաբերուած մեծամտութիւնը եւ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու քայլերուն մերժումը պատճառ պիտի դառնան նախագահական դատարկութեան փուլին երկարաձգման:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը պէտք է բաց ձգէ` աւելցնելով, որ պաշտօնական երկխօսութիւնը կը կատարուի խորհրդարանին մէջ` նախագահական ընտրութեան նիստերուն միջեւ դադարի ընթացքին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Եգիպտոս շատ վտանգաւոր փուլ մը կը դիմագրաւէ եւ անոր նկատմամբ զօրակցութիւնը արաբական գոյութեան ու կայունութեան պայքարին զօրակցութիւն կը նկատուի:
ՍԵՓԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն. «Հիւանդանոցները չեն կրնար «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր ալիքի դիմակայման համար անցեալ տարուան պատրաստուածութեան մակարդակին վրայ ըլլալ»: