Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական շրջուն ջոկատին դէմ կրակոցին գծով դատական իշխանութիւնները կ՛ամբաստանեն 7 յանցագործներ, որոնցմէ մէկը միայն ձերբակալուած է, եւ ան Հըզպալլայի կողմէ լիբանանեան բանակին յանձնուած յանցագործն է:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Ֆատի Աքիքի ամբաստանեց Մոհամետ Այեատը` իրլանտացի զինուորը սպաննելու եւ միւս երեք զինուորները մահափորձի ենթարկելու յանցանքով:
Աքիքի ամբաստանեց նաեւ 6 այլ յանցագործներ, որոնց հետքը անհետացած է. անոնցմէ չորսը ծանօթ են, իսկ միւս երկուքին ինքնութիւնը կը մնայ անծանօթ:
Աքիքի ձերբակալեալ յանցագործին թղթածրարը յղեց Զինուորական ատեանի աւագ դատախազ Ֆատի Սուուանին, որպէսզի շարունակէ հետաքննութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Շինքըր հարցազրոյցի մը ընթացքին Հըզպալլան ամբաստանեց իրլանտացի զինուորը սպաննելու յանցանքով:
Ան շեշտեց, որ այս իմաստով լուրջ հետաքննութիւն պիտի չըլլայ եւ արդարութիւն կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել:
Միւս կողմէ, Շինքըր նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա չի մերժեր բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի շարժումներուն առումով զօր. Աուն ոչ մէկ արգելակում կատարած է:
Շինքըր նշեց նաեւ, որ Հըզպալլա կրնայ ուղղուիլ ահաբեկումներ կատարելու այն ժամանակ, երբ իր շարժումներուն մէջ ազատ եւ անկախ զգայ: