Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական, ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերեալ:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ մարոնի համայնքի պատրիարքին իր այցելութեան նպատակն էր Նոր տարուան առիթով բարեմաղթութիւններ կատարել:
«Ինչպէս միշտ Ռայի պատրիարքը յստակ է իր կեցուածքներուն մէջ եւ Լիբանանի հարցերուն լուծում գտնելու իմաստով` սկզբունքային: Անոր կեցուածքներն ու տեսակէտները հիմնուած են երկրին սահմանադրութեան եւ ազգային շահերուն վրայ», ըսաւ Քանաան:
Միւս կողմէ, անցեալ կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն հակասահմանադրական արարողութիւնները, որոնք կ՛անտեսեն հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը կարելի չէ ընտրել նախապէս համախոհութիւն գոյացնելու քայլով, այլ` քուէարկութեամբ, որ ուղղակիօրէն առնչուած է խորհրդակցութեան եւ երկխօսութեան:
«Կը մաղթենք, որ չըլլան ուժեր կամ կողմեր, որոնք կը միտին հանրապետութեան նախագահութիւնը գլխատել` Լիբանանը ներկայացնելու համար իբրեւ ձախող երկիր մը, որ գոյատեւելու կամ գոյութիւն ունենալու ատակ չէ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի:
Հանդիպումէն ետք սէյիտ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կատարած են իրենց բարեմաղթութիւնները` աւելցնելով, որ քննարկած են Լիբանանի վերաբերող հարցեր, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը:
Սէյիտ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը հաստատած է իր յանձնառութիւնը` նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին եւ պատասխանատուութեամբ կատարելու իմաստով:
Սէյիտ ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ կապը կայ, եւ ոչ մէկ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, այլ` տեսակէտներու փոխանակում: Ան շեշտեց, որ պահանջուածը նախագահական ընտրութեան արագացումն է:
Պատասխանելով բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին հարցումի մը` սէյիտ նշեց, որ Հըզպալլա ոչ ոքի թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ, «այլ կոչ կ՛ուղղէ համախոհութիւն գոյացնելու», աւելցուց ան:


