Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 49.100 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 21.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 824.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 846.000...

«ՀՅ Դաշնակցութեան Համար Նախագահական  Ընտրութեան Բոլոր Թեկնածուները  Քննարկումի Առարկայ Են»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅ Դաշնակցութեան Համար Նախագահական Ընտրութեան Բոլոր Թեկնածուները Քննարկումի Առարկայ Են» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 10 յունուար 2023-ի գիշերուան ժամը 9:30-ին դարձաւ «Օ. Թի. Վի.»-էն սփռուող «Պիտիպլոմասիէ» յայտագիրին հիւրը: Հաղորդավար Ռոզանա Ռամմալի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Կասկածելի է, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը երկու երեսփոխաններով կարենայ խորհրդարանին մէջ իրավիճակ եւ հաւասարակշռութիւն փոխել: «Նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու, որ 63 քուէ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Գործադրեցին Բողոքի Ցոյց Մը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Գործադրեցին Բողոքի Ցոյց Մը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց դարձեալ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին պայթումի հետաքննութիւնը շարունակել: Բողոքի ցոյցը կատարուեցաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին գումարելիք նիստին զուգահեռ: Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Ուիլիըմ Նուն, որ ըսաւ. «Ի տես Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրուած որեւէ որոշումի, որ ի նպաստ մեզի չ՛ըլլար, մենք ստիպուած ենք մագլցողական քայլերու դիմելու:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 48.100 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 803.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 825.000...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Կը Գուժեն Հիւսէյն Հիւսէյնիի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Գուժեն Հիւսէյն Հիւսէյնիի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը գուժեն հայ համայնքի բարեկամ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի մահը: Հիւսէյնի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը կասեցուցած Թաէֆի համաձայնագիրին կնքահայրն է: Ան Թաէֆի համաձայնագիրին որդեգրման ընթացքին ամրագրած է հայ համայնքին իրաւունքները` հայ համայնքը նկատելով Լիբանանի մեծագոյն եօթը համայնքներէն մէկը: Աստուած ողորմի իր հոգւոյն:

Հիւսէյն Հիւսէյնի Ոչ Եւս Է

Հիւսէյն Հիւսէյնի Ոչ Եւս Է

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ կնքեց իր մահկանացուն: 86 տարեկան Հիւսէյնի ծնած էր Զահլէի մէջ. ան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնած էր 1984-1992, այսինքն` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդ քանի մը տարիներուն: Հիւսէյնի մեծ դերակատարութիւն ունեցած է լիբանանեան տագնապին լուծում բերած Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութեան մէջ: Հիւսէյնիի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Շամսթարի մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատար...

Խորհրդարանը Այսօր Երրորդ Անգամ Ըլլալով  Պիտի Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Յետաձգուեցաւ 19 Յունուարին

Մինչ կառավարութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին այլ նիստ մը գումարել` ելեկտրականութեան մարզին առ հաշիւ գումար տրամադրելու եւ Իրաքէն նաւթ ներածելու նուազուրդը յայտարարելու նպատակով, երէկ իր մահկանացուն կնքեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի: Հիւսէյնիի մահուան սուգին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր գումարուելիք նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար...

Սամի Ժեմայէլ. «Նախագահական  Ընտրութիւնը  Կարեւոր Չէ, Այլ Ինչպիսի՛  Նախագահ Ընտրելն Է Կարեւորը»

Սամի Ժեմայէլ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կարեւոր Չէ, Այլ Ինչպիսի՛ Նախագահ Ընտրելն Է Կարեւորը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, երեսփոխան Միշել Մուաուատը` ներկայութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր չէ, այլ ինչպիսի՛ նախագահ ընտրելն է կարեւորը: Ան նկատել տուաւ, որ անցեալ նախագահական ընտրութեան ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ ամէն իմաստով լեցնել ստեղծուած նախագահական դատարկութիւնը,...

Պու Սաապ Սլիմի Հետ Քննարկեց  Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Պու Սաապ Սլիմի Հետ Քննարկեց Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկիրը յուզող տնտեսական տագնապին պատճառով պաշտպանութեան նախարարութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սլիմի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարին միջեւ արձանագրուած տարակարծութեան` նկատի ունենալով բանակի ընդհանուր հսկիչին նշանակումը: Պու Սաապ ցաւ յայտնեց, որ բանակին մէջ նման տարակարծութիւն արձանագրուած է` դիտել տալով, որ այդ մէկը...

«Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Եւ Իսլամ Հոգեւոր Պետերուն Հետ Պիտի Կապուիմ` Հետեւելու Վատիկանի Հանդիպումին Արդիւնքներուն Գործադրութեան»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Լոնտոնի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Բազմազանութեան Պահպանումը Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար լորտ Թարեք Ահմետի եւ քաղաքացիական անվտանգութեան փոխխորհրդական Սառա Մեքինթոշի հետ: Ռայի պատրիարքին ընկերակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատան, առաջնորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսն ու իրաւաբան Ուալիտ Ղայեատը: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ան հաստատեց, որ...

Ֆայսալ Քարամէ Մըրատի, Արսլանի  Եւ Այլ Անձնաւորութիւններու Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Ֆայսալ Քարամէ Մըրատի, Արսլանի Եւ Այլ Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հանդիպում մը ունեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Քարամէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի հետ: Հանդիպումէն ետք Քարամէ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ երկխօսութեամբ կարելի է յանգիլ հանրապետութեան համախոհական նախագահի ընտրութեան: Իր կարգին, Արսլան շեշտեց լիբանանեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 47.450 լ. ոսկի է: ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը երէկ ընդունեց Վատիկանի մէջ օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն դիւանագիտական անձնակազմը, որուն ներկայութեան ընդգծեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի Լիբանանի կացութեան, որ տակաւին կը սպասէ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան: Պապը մաղթեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը յանձնառու մնան Լիբանանի ապաքինման, որպէսզի զայն դուրս բերեն իր տնտեսական եւ ընկերային ողբերգական վիճակէն: ՆԵՐՔԻՆ...

Լիբանանի Դիմագրաւած Քաղաքական, Տնտեսական,  Ընկերային Եւ Դատական Տագնապները Կը Յամենան

Լիբանանի Դիմագրաւած Քաղաքական, Տնտեսական, Ընկերային Եւ Դատական Տագնապները Կը Յամենան

Մինչ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը ժամական դրութեամբ բարձրացում կ՛արձանագրէ` յաւելեալ արժեզրկումի մատնելով լիբանանեան դրամանիշը, լիբանանցի քաղաքացին կը շարունակէ տնքալ անողորմ սղաճին պատճառած ցաւէն: Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտարարեց, որ երեխաներու կաթին համար տրամադրուած պետական նպաստը չեղեալ կը նկատուի, որովհետեւ կարելի չէ կաթի մաքսանենգումը զսպել: Ապիատ նկատել տուաւ, որ Լիբանան հասած երեխաներու կաթին քանակը կրնար...

Միքաթի Թարաֆի Եւ Քատիքի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի Թարաֆի Եւ Քատիքի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Թարաֆ Միքաթիին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետի պաշտօնակատարին` Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով: Թարաֆ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին` տարբեր մակարդակներու, յատկապէս տնտեսական մարզի բարելաւման առումով: Միքաթիի այցելեց նաեւ Ֆրանսայէն դուրս ապրող ֆրանսացիներու ներկայացուցիչ, ֆրանսացի ծերակուտական...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Գործադրեցին Բողոքի Ցոյց Մը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Գործադրեցին Բողոքի Ցոյց Մը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին պայթումին մասին հետաքննութիւնը շարունակել: Բողոքի ցոյցը կատարուեցաւ «Հետաքննութեան կասեցումը նաեւ ոճիր է» խորագիրին ներքեւ: Այդ ցոյցը գործադրուեցաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ գումարուած նիստին զուգահեռ: Կը նախատեսուէր, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստին ընթացքին նշանակէր վճռաբեկ ատեանին դատաւորները: Կէսօրին սկսած բողոքի խաղաղ...

Սայտայի Մէջ.   «Պլոմ» Դրամատան Ցուցափեղկը  Կ՛ենթարկուի Կրակոցի

Սայտայի Մէջ. «Պլոմ» Դրամատան Ցուցափեղկը Կ՛ենթարկուի Կրակոցի

Սայտայի «Պլոմ» դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացի մը` Մ. Ք., երէկ առաւօտեան գնդացիրով կրակեց դրամատան դրան ուղղութեամբ: Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց քաղաքացին, որ հանգստեան կոչուած բանակային մըն է: «Պլոմ» դրամատան մուտքին զետեղուած քամերաներուն շնորհիւ կարելի եղած էր նկարել միջադէպը եւ փաստացի տուեալ ունենալ անոր մասին: Նշենք, որ «Պլոմ» դրամատունը նախապէս մերժած էր Մ. Ք.ի կողմէ «Սայրաֆա»-ի ե-հարթակէն դրամական գործառնութիւն...

Քանաան. «Ելեւմուտքի Նախարարութենէն  Պահանջեցինք Վերջին Անգամ Ըլլալով  Ստուգել 2022-ի Ամավարկի Թիւերը»

Քանաան. «Ելեւմտական Հաշուեկշիռին Օրէնքը Մեզի Յանձնուեցաւ, Սակայն Շշմած Ենք Զայն Մշակողներուն Բացակայութենէն»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն աւարտէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ իրենք ստացած են ելեւմտական հաշուեկշիռին օրէնքը, սակայն շշմած են զայն մշակողներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն բացակայութենէն: Քանաան հաստատեց, որ յանձնախումբը լուրջ դիտողութիւններ ունի այդ օրէնքին մասին: Քանաան յայտնեց, որ ելեւմտական հաշուեկշիռին կամ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն վերաբերող որեւէ...

Մորիս Սլիմ. «Բանակին Ներկայութեան,  Ապահովական Կացութիւնը  Կը Գտնուի Հակակշիռի Տակ»

Մորիս Սլիմ. «Բանակին Ներկայութեան, Ապահովական Կացութիւնը Կը Գտնուի Հակակշիռի Տակ»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանս Փիթըր Վան Տեր Վուտը, որ անոր յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 15-16 փետրուարին Նետերլանտներու մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերի զինուորական մարզին մէջ Արհեստական պատասխանատու իմաստութեան: Միւս կողմէ, Սլիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի չարտօնէ, որ երկիրը քաոսի մատնուի` տիրող ընկերային եւ քաղաքական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 46.500 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 36.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 37.000 լ. ոսկիով, մազութը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 22.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 780.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 801.000...

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Միասնաբար Գործելու`  Փրկելու Եւ Պաշտպանելու Համար Երկիրը

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Միասնաբար Գործելու` Փրկելու Եւ Պաշտպանելու Համար Երկիրը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ բացումը կատարեց «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութեան յատուկ «Կանաչ շէնք»-ին: Իր արտասանած խօսքին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ մայրին բարձր ու վեհ կը մնայ, առանց ոեւէ մէկուն դիմաց խոնարհելու, «եւ մայրին այդպէս ալ պիտի մնայ` դիմանալով բոլոր փոթորիկներուն», ըսաւ ան: Միքաթի բարձր գնահատեց «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի անունը բարձր կը...

Page 294 of 987 1 … 293 294 295 … 987

Արխիւներ