ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 46.500 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 36.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 37.000 լ. ոսկիով, մազութը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 22.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 780.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 801.000 լ. ոսկի, մազութը` 841.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 492.000 լ. ոսկի:
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Խալաֆ հերքեց դրամատուները փակելու մասին լուրերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խստիւ կը դատապարտէ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» թերթին կողմէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի ծաղրանկարի հրապարակումը: Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու` նկատի ունենալով, որ այդ թերթը ոտնձգութիւն կը գործէ ամբողջ ժողովուրդի մը սրբութեան դէմ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ «Սայրաֆա» ե-հարթակէն օգտուողը հարուստ դասակարգն է` աւելցնելով, որ իրենց դերակատարութիւնն է դրամատուներուն վրայ ճնշում բանեցնել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան պէտք ունի լուրջ աշխատանիստի մը, որուն ընթացքին կը մշակուի ելեւմտական եւ տնտեսական ապաքինման ծրագիր մը, իսկ այս ուղիին վրայ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց փոփոխութեան երեսփոխան Մարք Տաուը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Փաղանգաւոր կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ հանդիպումին ընթացքին Տաու առաջարկած է գործնական քայլեր` նախագահական ընտրութեան սառած իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Համասի կեդրոնական խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ահմետ Ապտել Հատիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քննարկումներուն լոյսին տակ հաստատուեցաւ, որ Իսրայէլ միայն մէկ լեզուէ կը հասկնայ եւ անիկա Դիմադրութեան եւ սրբատեղիներուն ու սրբութիւններուն պաշտպանութեան լեզուն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահի այլ լուրջ թեկնածու մը կայ, ապա Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքն ու հիմնական թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատ անոր ի նպաստ պիտի քուէարկեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու հոլովոյթը ընտրական գործողութիւն է եւ ոչ թէ երգեցողութեան մրցանք կամ հեքիաթներ հիւսելու առաջադրանք: Ժահժահ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր խորհրդակցութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է ընդունելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, եթէ անոր հետ միացեալ կամ հասարակ յայտարար ունեցող բան մը գտնէ: «Եթէ Պասիլ կը փափաքի Միշել Մուաուատի թեկնածութեան զօրակցիլ, ապա բարի եկած է», ըսաւ Ժահժահ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ու կուսակցութեան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ երկիրը բոլորին օժանդակութեան դիմաց բաց ձգելը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ եթէ եւրոպացիները լուրջ են, ապա անոնք պէտք է հետապնդեն իրենց դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող լիբանանցի հանրային գործիչներուն հաշիւները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու իմաստով պնդումները Հըզպալլան նեղի մատնելու եւ անոր ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ վիհը խորացնելու մէջ կը կայանան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թաանայէլի մէջ ազատ արձակեց 19 տարեկան երիտասարդ մը, որուն հայրը զինք երկաթեայ շղթայով կապած էր անկողինին` ընտանեկան հարցերու պատճառով: Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին երիտասարդին հայրը:


