Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Թարաֆի Եւ Քատիքի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

January 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Թարաֆ Միքաթիին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետի պաշտօնակատարին` Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով:

Թարաֆ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին` տարբեր մակարդակներու, յատկապէս տնտեսական մարզի բարելաւման առումով:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Ֆրանսայէն դուրս ապրող ֆրանսացիներու ներկայացուցիչ, ֆրանսացի ծերակուտական Օլիվիէ Քատիքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ քննարկուած են Լիբանանի մէջ ապրող ֆրանսացիներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան կապուած խնդիրներ:

Քատիք նշեց, որ Միքաթի լաւատեսութիւն յայտնած է, թէ Լիբանան մօտիկ ապագային պիտի ունենայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը` աւելցնելով, որ նախագահին ընտրութիւնը կարեւոր է` շարունակելու համար մնացեալ հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Քատիք ընդգծեց, որ ինք ուրախ է Միքաթիի ներկայացուցած դրական եւ լաւատեսական մթնոլորտին համար:

Ան նշեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է ելեկտրականութեան մարզին եւ դրամատուներուն վերաբերող հարցեր:

Քատիք նկատել տուաւ, որ ինք Լիբանան իր այցելութիւնը պիտի շարունակէ եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ գործարարներու ֆրանսական-լիբանանեան խորհուրդին հետ, որովհետեւ հետաքրքրուած է տնտեսական դիւանագիտութեամբ:

Միքաթի ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան: Քննարկուեցան Գերմանիոյ հրաւիրած երկրագործական միջազգային խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նշենք, որ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ վարչապետը  դատական կարգ մը թղթածրարներու միջամուխ կը դառնայ եւ այդ իմաստով հետաքննութիւն կը կատարէ, անհիմն տեղեկութիւններ են եւ մաս կը կազմեն քաղաքական ցեխարձակումներու արշաւին:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ վարչապետը դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն չի միջամտեր, ընդհակառակն` ան եղած է առաջիններէն եւ պահանջած իշխանութիւններուն գործունէութիւնը անջատել իրարմէ, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ դատական վճիռներուն գործադրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Գործադրեցին Բողոքի Ցոյց Մը

Յաջորդը

Լիբանանի Դիմագրաւած Քաղաքական, Տնտեսական, Ընկերային Եւ Դատական Տագնապները Կը Յամենան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.