Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանս Փիթըր Վան Տեր Վուտը, որ անոր յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 15-16 փետրուարին Նետերլանտներու մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերի զինուորական մարզին մէջ Արհեստական պատասխանատու իմաստութեան:
Միւս կողմէ, Սլիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի չարտօնէ, որ երկիրը քաոսի մատնուի` տիրող ընկերային եւ քաղաքական տագնապներուն պատճառով:
Ան շեշտեց, որ քաղաքական դատարկութեան փուլն ու երկրին մէջ տիրող պայմանները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած են լիբանանեան բանակի դերակատարութեան վրայ:
«Բանակին ներկայութեան եւ ապահովական բոլոր ուժերուն հետ գործակցութեան շնորհիւ, ապահովական կացութիւնը կը գտնուի հակակշիռի տակ», հաստատեց Սլիմ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքները ոչ մէկ ձեւով պիտի խախտէ, ի՛նչ ալ ըլլան պահանջները կամ բանեցուող ճնշումները: «Ապահովական իւրաքանչիւր կառոյցի պետը կը դառնայ զինուորական բարձրագոյն աստիճանը կրողը, եւ զինուորական կեանքը այդպէս կը շարունակուի», ընդգծեց Սլիմ:
Պատասխանելով իր եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ տարակարծութեան մասին հարցումի մը` Սլիմ յայտնեց, որ բանակի ընդհանուր հսկիչին նշանակումը պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը կատարուի` օրէնքին համաձայն, եւ այդ օրէնքը վաւերացուած է 1983-ին: Հետեւաբար բանակի ընդհանուր հսկիչին հետ բանակի հրամանատարը կը խօսի պաշտպանութեան նախարարութեան ընդմէջէն եւ ոչ թէ ուղղակիօրէն:
Սլիմ նշեց, որ իր եւ զօր. Աունի միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:
«Յանձնառու եմ բանակին ու անոր հրամանատարին, որուն հետ շաբաթական դրութեամբ կը հանդիպիմ: Ինծի համար յստակ է, որ նախարարութեան մէջ կան երկու սրբանկարներ, որոնցմէ մէկը բանակն է, իսկ միւսը բանակի հրամանատարը, եւ ոչ մէկ ձեւով ընդունելի պիտի ըլլայ ինծի համար, որ այդ երկու սրբանկարները խծբծուին», ըսաւ ան:
Սլիմ նշեց, որ հակառակ բանակայիններուն ամսական աշխատավարձին արժեզրկման, անոնք իրենց դերակատարութիւնը լիովին կատարեցին: Ան յայտնեց, որ պետութեան կողմէ տրուած յաւելումով եւ օտար երկիրներուն օժանդակութեամբ զինուորի մը ամսական աշխատավարձը այսօրուան դրութեամբ կը հասնի 10 միլիոն լ. ոսկիի: «Ճիշդ է, որ անիկա բանակայիններու զոհողութիւններուն համազօր չէ, սակայն որոշ պէտքեր կը բաւարարէ», ըսաւ ան:
Սլիմ նշեց, որ բանակը կը շարունակէ ահաբեկչական քնացած բջիջները բացայայտելու եւ կազմաքանդելու իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ բանակը կը ջանայ կասեցնել ծովուն ճամբով կատարուող ապօրինի արտագաղթը, սակայն այդ պարտականութեան մէջ հարիւր առ հարիւր չի կրնար հակակշռել այդ ընթացքը:


