Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն աւարտէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ իրենք ստացած են ելեւմտական հաշուեկշիռին օրէնքը, սակայն շշմած են զայն մշակողներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն բացակայութենէն:
Քանաան հաստատեց, որ յանձնախումբը լուրջ դիտողութիւններ ունի այդ օրէնքին մասին:
Քանաան յայտնեց, որ ելեւմտական հաշուեկշիռին կամ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն վերաբերող որեւէ առաջարկ պէտք է բարձր աստիճանի պատասխանատուութեամբ կատարել:
«Ելեւմտական հաշուեկշիռին մասին ներկայացուած օրէնքը կառավարութեան կողմէ պատրաստուած է` Կեդրոնական դրամատան հետ համադրաբար, սակայն հիմնական քննարկումներուն ընթացքին անոնց ներկայացուցիչները բացակայ են, եւ մենք` իբրեւ օրէնքը սերտած եւ կողմ կը հաստատենք, որ ունինք լուրջ դիտողութիւններ», ըսաւ ան:
Քանաան նկատել տուաւ, որ ինք այս մասին տեղեակ պիտի պահէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին եւ կը մաղթէ, որ կառավարութիւնն ու անոր ներկայացուցիչները իրենց նման նոյնքան պատասխանատուութեամբ վարուին այս օրէնքին հետ:
Իր կարգին, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ այսօր լիբանանցիներուն դիմաց յստակօրէն բացայայտուած է տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման կառավարութեան ծրագիրը, որ հիմնուած է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներու գումարները ջնջելուն վրայ:


