Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հանդիպում մը ունեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:
Քարամէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Քարամէ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ երկխօսութեամբ կարելի է յանգիլ հանրապետութեան համախոհական նախագահի ընտրութեան:
Իր կարգին, Արսլան շեշտեց լիբանանեան պետութիւնը վերակառուցելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ խորագիրի տակ որ ալ ըլլայ ան, «Հիմնադիր խորհրդաժողով թէ այլ», յայտնեց Արսլան:
Քարամէի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Հայտար Նասեր եւ Մոհամետ Եհիա: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Աքքարի կարիքները:
Քարամէի այցելեց նաեւ ազգային քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութիւններու մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:


