Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին պայթումին մասին հետաքննութիւնը շարունակել:
Բողոքի ցոյցը կատարուեցաւ «Հետաքննութեան կասեցումը նաեւ ոճիր է» խորագիրին ներքեւ: Այդ ցոյցը գործադրուեցաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ գումարուած նիստին զուգահեռ:
Կը նախատեսուէր, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստին ընթացքին նշանակէր վճռաբեկ ատեանին դատաւորները:
Կէսօրին սկսած բողոքի խաղաղ ցոյցը վերածուեցաւ հրմշտուքի` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ցուցարարները յաջողեցան մուտք գործել Արդարութեան պալատի շրջափակէն ներս, սակայն ապահովութեան ուժերուն եւ անոնց միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Զոհերու ընտանիքները կարգ մը դատաւորներ ամբաստանեցին քաղաքական նպատակներ հետապնդելու յանցանքով` աւելցնելով, որ անոնք արգելք կը հանդիսանան` դատաւորներու նշանակումին առումով:
Ապա երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆի վարած բանակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ զոհերու ընտանիքներուն մէկ մասը դուրս բերել Արդարութեան պալատի շրջափակէն: Ցուցարարները խոստացան իրենց հարազատներուն դատը հետապնդել մինչեւ վերջ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի սպասեն Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումին` նշանակումներուն գծով, որպէսզի ըստ այնմ ծրագրեն իրենց յաջորդ քայլը:
Նշենք, որ աւելի ուշ Մըլհեմ Խալաֆի կողքին, ցուցարարներուն միացան նաեւ երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Ուատտահ Սատեք եւ Ֆիրաս Համտան:
Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Ուիլիըմ Նուն, որ ընդգծեց, թէ զոհերու հարազատները կշտացած են իրենց տրուած խոստումներէն եւ այլեւս չեն կրնար խաղաղ ցոյցերը հանդուրժել:
Ան ցաւ յայտնեց, որ ստիպուեցան ապահովութեան ուժերուն հետ բախումի երթալու, եւ պահանջեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ յարուցուած դատերը յետս կոչել, որպէսզի ան կարենայ շարունակել հետաքննութիւնը:


