ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 10 յունուար 2023-ի գիշերուան ժամը 9:30-ին դարձաւ «Օ. Թի. Վի.»-էն սփռուող «Պիտիպլոմասիէ» յայտագիրին հիւրը: Հաղորդավար Ռոզանա Ռամմալի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Կասկածելի է, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը երկու երեսփոխաններով կարենայ խորհրդարանին մէջ իրավիճակ եւ հաւասարակշռութիւն փոխել:
«Նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու, որ 63 քուէ կը ստանայ, պիտի արժանանայ մեր երկուքին քուէին: Անկախ այս իրականութենէն, համոզուած եմ, որ 65 քուէներով ընտրուած հանրապետութեան ոեւէ նախագահ չի կրնար իշխել երկրին, որովհետեւ ան միայն խորհրդարանի կէսին, այլ խօսքով` լիբանանցիներուն կիսուն հաւանութիւնը կը ստանայ եւ մնացեալ կէսին ընդդիմութիւնը: Հետեւաբար հանրապետութեան նախագահին աշխատանքը բաւական դժուար կ՛ըլլայ նման պարագայի առաջին իսկ օրէն: Լիբանան ունեցած է հանրապետութեան նախագահներ, որոնք խորհրդարանի անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան քուէները ստացած են, սակայն անոնց իշխանութեան նստաշրջանը արգելակուած է: Օրինակ` զօր. Միշել Աուն 86 քուէներով ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, սակայն անոր նստաշրջանին կիսուն Լիբանանի մէջ ծայր առաւ քաղաքական շարժում մը, որ ապա կոչուեցաւ ժողովրդային շարժում, որուն նպատակն էր հանրապետութեան նախագահը պաշտօնանկ ընել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի դիրքը կ՛ամրապնդուի, երբ ան խորհրդարանի անդամներու հսկայ մեծամասնութեան քուէներով ընտրուի: «Ի վերջոյ մենք կը խօսինք հանրապետութեան նախագահի մասին, որ միակն է, որ կ՛երդնու սահմանադրութիւնը պաշտպանել եւ երկիրը անաչառութեամբ կառավարել, եւ իրաւարարի դերակատարութիւնը ստանձնել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին մեծամասնութեան հաւանութիւն վայելող հանրապետութեան նախագահի թեկնածու չկայ` աւելցնելով, որ ներկայիս քաղաքական ուժերը կը գտնուին առաստաղը բարձրացնելու փուլին մէջ: «Վստահ եմ, որ աւելի ուշ անոնք պիտի լրջանան, եւ փափաքս է, որ աւելի ուշը ըլլայ յառաջիկայ շաբաթը եւ ոչ թէ յառաջիկայ ամիսները, որովհետեւ ամէն օր որ մենք կ՛ուշանանք, կը կորսնցնենք հայրենիք, ժողովուրդ, գերիշխանութիւն, անկախութիւն եւ ազատութիւն: Ամէն օր, որ առանց հանրապետութեան նախագահի ենք, աւելի եւս կը ծնրադրենք օտարին դիմաց», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ այն մտայնութեան, որ Լիբանան աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնն է, եւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ այլ մեծ պետութիւններու նախագահները իրենց առօրեայ հոգսերուն մէջ անպայման նկատի կ՛ունենան Լիբանանը եւ անոր կայունութեան մասին կը մտածեն: «Պէտք է համոզուինք, որ անոնք ունին իրենց երկիրները` տնտեսական շահերը, քաղաքական ապագան եւ նպատակները: Վերջ տանք Իրանի հիւլէականի կամ իրանեան-սէուտական բանակցութիւններուն, իսկ վերջերս Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեկնումին սպասելու եւ մեր ճակատագիրը անոնց կապելու եղանակին, որովհետեւ անոնք ունին իրենց առաջնահերթութիւնները», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կարելի է ընտրել համախոհութեամբ` աւելցնելով, որ այդ համախոհութիւնը կարելի կ՛ըլլայ իրականութիւն դարձնել երկխօսութեամբ ու խորհրդակցութիւններով:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ֆրենժիէ ընտանիքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ կայ բարեկամական պատմական յարաբերութիւն, որ հինէն կու գայ եւ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի այն հանգամանքին, թէ Ֆրենժիէի թեկնածութեան կը զօրակցի՞նք, թէ՞ ոչ: Ճիշդ է, որ Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահական ընտրութեան լուրջ թեկնածու է, սակայն ան տակաւին իր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս չէ յայտարարած: Հետեւաբար մենք դրական պատասխան տալով ոչինչ կը փոխենք: Թող պաշտօնապէս յայտարարուի անոր թեկնածութիւնը, եւ մենք յարմար որոշումը կու տանք: Հետեւաբար ՀՅ Դաշնակցութեան համար նախագահական ընտրութեան բոլոր թեկնածուները քննարկումի առարկայ են», շեշտեց ան:
Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ տարակարծութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է գրաւ դնէ վերոնշեալ երկու ուժերուն միջեւ արձանագրուելիք ամուսնալուծման հաւանականութեան վրայ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ կամ նախարարի նշանակումով չէ սահմանափակուած, «այլ շատ աւելի խոր է եւ անոր աղբիւրն է Լիբանանի գոյութեան շարունակութիւնը, համերաշխութեան եւ համակեցութեան ամրապնդումը», հաստատեց ան:
Ան շեշտեց, որ քաղաքական յարաբերութիւնները իրարմէ նեղանալով չեն սահմանափակուած: «Օրինակ` ես կ՛ակնկալեմ, որ քաղաքական մեր դաշնակիցները Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը Թուրքիոյ դէմ կեցուածքներ ունենան, սակայն նման բան չի պատահիր: Ի՞նչ պէտք է ընել, նեղանա՞լ եւ հեռանա՞լ: Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ նման քայլեր կարելի չէ առնել:
Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ կապը լրիւ չէ խզուած` ընդգծելով, որ ամէնէն կարեւորը դժուար պայմաններու ընթացքին իրարու հետ խորհրդակցիլն է, իսկ եթէ այդ խորհրդակցութիւնը կանգ առնէ, ապա կը նշանակէ, թէ տրամադրութիւնները ժխտական են: «Նոյնիսկ պատերազմներու պարագային երկիրներ կը խօսին իրարու հետ, նոյնն էր պարագան նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին», ըսաւ ան:
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի` կառավարութեան նիստին մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ ան հայ համայնքին շահերը չկրցաւ պաշտպանել եւ նախընտրեց իր անձնական շահերը ապահովել:
«Այսուհետեւ ան պատասխանատու է իր արարքներուն, եւ մենք ոչ մէկ հարց ունինք երկու երեսփոխանով ներկայացուելու, 2000-2018 միայն երկու երեսփոխան ունեցած ենք եւ մեր իրաւունքները պահած ենք, հետեւաբար մեզի համար ՀՅ Դաշնակցութեան վստահելիութիւնը ամէն բանէ վեր է», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ, որ կառավարութեան նիստը, որուն նպատակն էր քաղցկեղի հիւանդներուն դեղորայք ապահովել, ի՞նչ արդիւնք տուած է: «Ցաւ ի սիրտ, մինչեւ օրս այդ դեղորայքը չէ ապահովուած, իսկ վերջերս երեխաներուն յատուկ կաթին տրամադրուած պետական նպաստը կասեցուցին` պատրուակելով, որ այդ կաթին մաքսանենգումը չեն կրնար զսպել: Այս որոշումին լոյսին տակ, յանկարծ դեղարանները լեցուեցան երեխաներու կաթով, եւ տուժողը եղաւ քաղաքացին: Նման որոշում տալը պատասխանատուութենէ փախուստ տալ է, որովհետեւ վճռակամ եւ արմատական որոշումներ տալու պարագային միջազգային ճնշումներու ենթարկուելու վախը կը սպառնայ բոլորին: Դժբախտաբար այս է երկրին կացութիւնը», շեշտեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դուք մաս կը կազմէք երկրին վարչակարգին եւ երեսփոխան էք ու կուսակցութեան ներկայացուցիչ, ապա որո՞ւն կ՛ուղղէք այս մեղադրանքը, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ճիշդ է, երեսփոխան եմ` ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ ունիմ պատասխանատուութիւններ, սակայն այն կուսակցութիւնը, որ կը ներկայացնեմ, ո՛չ դեղորայքի, ո՛չ վառելանիւթի եւ ո՛չ ալ դրամատուներու մաֆիաներուն մաս կը կազմէ: Իսկ ժողովուրդը պէտք է համոզուի այլեւս, որ նախորդ տարիներուն ապրած իր կեանքը, երբ ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը իր ինքնաշարժը ունէր, մայրաքաղաքին մէջ յատուկ տուն ունէր, ամարանոց մը եւ ձիւնի յատուկ շալէներ, որոնց կողքին տարեկան ճամբորդութիւններ, այս բոլորը խաբկանք էին: Այսօր այլ կացութիւն կայ, որ ինքզինք կը պարտադրէ»:
Դարձեալ կառավարութեան նիստերուն գումարումին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի պէտք է քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցի եւ անոնց հաւանութիւնը ստանայ` աւելցնելով, որ կառավարութեան որոշումները կարելի կ՛ըլլայ տալ նաեւ շրջուն հրամանագիրներով, «ընդունիք կամ ոչ, կառավարութեան գումարած նիստերը կը միտին հարուածել լիբանանեան համերաշխութիւնը», ըսաւ ան:
Կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերու մասնագէտներով ներկայանալու փորձառութեան մասին Յ. Բագրատունի դրական չարտայայտուեցաւ` աւելցնելով, որ այդ փորձառութիւնը փաստած է իր անյաջողութիւնը:
Իսկ կառավարութեան նիստերուն Ազգային ուխտին համապատասխանելու չափանիշին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկրին մէջ կան 7 հիմնական համայնքներ եւ անոնք բոլորը պէտք է յարգուին, այսինքն` եթէ կառավարութեան նիստէն փոքրամասնութեան նախարարը կամ հայ նախարարը բացակային, կառավարութիւնը Ազգային ուխտին չի համապատասխաներ: «Սակայն դժբախտաբար մտայնութիւնը եւ գործունէութիւնը այդպէս չեն, կան սիւննի նախարարներ, շիի նախարարներ եւ քրիստոնեայ նախարարներ, ինչ որ սխալ տարազ է ու անարդարութիւն կը պարտադրէ», յայտնեց ան:
Միւս կողմէ, ան կարեւոր նկատեց իրականութիւններն ու ճշմարտութիւնները մատնանշելը` հաստատելով, որ երկիրը համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած է առաւելագոյն չափով:
«Շատեր կը խօսին քաղաքացիական պետութեան, համայնքային դրութիւնը ջնջելու եւ այլ խորագիրներու մասին: Ճիշդ է, որ այս բոլորը շատ գեղեցիկ են ու ցանկալի, սակայն անոնք չեն կրնար միայն օրէնքները փոխելով իրականանալ: Այդ մասին գիտակցութիւն պէտք է ըլլայ, կրթութիւն պէտք է ըլլայ, զարգացում պէտք է ըլլայ: Երբ երկրին մէջ դպրոցներուն պիտի անդրադառնանք, կ՛ըսենք` կաթողիկէ դպրոցներ, ուղղափառ դպրոցներ, հայկական դպրոցներ, շիի դպրոցներ եւ սիւննի Մաքասետի կրթական հաստատութիւններ. ասիկա երկրին ցաւալի իրականութիւնն է», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ կառավարութեան գումարելիք նիստէն առաջ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել: «Քաղաքական տագնապին լուծումը կը սկսի նախագահական ընտրութեամբ, իսկ Հզօր Լիբանան համախմբումը տակաւին նախագահական ընտրութեան թեկնածու չունի», եզրափակեց ան:


