ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 48.100 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 803.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 825.000 լ. ոսկի, մազութը` 866.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 507.000 լ. ոսկի:
ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ երեկոյեան պիտի ժամանէր Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենար լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որ յայտնեց, որ իր նախարարութեան բոլոր կարողութիւնները կը զետեղէ տեղեկատուութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ` «Պէյրութը արաբական տեղեկատուութեան մայրաքաղաք» միջոցառումին առիթով:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ պիտի պահանջէ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախսը օրական 95 հազար լ. ոսկիի փոխարէն 125 հազար լ. ոսկիի վերածուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը Հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ շրջանին մէջ ձերբակալեց 7 յանցագործներ, որոնց շարքին` թմրեցուցիչի մաքսանենգում կատարող ամէնէն վտանգաւոր դէմքերէն մէկը:
Ձերբակալուողներուն մէջ կան նաեւ թմրեցուցիչ մաքսանենգող այլ յանցագործներ եւ ոճրագործներ: Ձերբակալութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցաւ կրակոց, որոնց ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուեցան 4 զինուորներ, ինչպէս նաեւ երկու յանցագործներ:


